image

Մեծ թիւով հալէպահայեր կը փափաքին վերադառնալ. Հրապարակախօս

Մեծ թիւով հալէպահայեր կը փափաքին վերադառնալ. Հրապարակախօս

Հալէպի Պոսթան Փաշա թաղամասի ազատագրումէն ետք հալէպահայերու մօտ խանդավառութիւն կը տիրէ, մարդիկ անհամբեր են եւ մեծ ցանկութիւն ունին մօտենալ ազատագրուած տարածքներուն: Այդ մասին «Հայ Ձայն»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է հալէպահայ հրապարակախօս, բանաստեղծ Յակոբ Նալպանտ (Յակոբ Տլտլեան):

«Հալէպի ուղղութեամբ ճիշտ է, հրթիռակոծութիւն կ'իրականացուի, կան զարկեր, բայց ամէն ինչ խաղաղ է այժմ, աւելին, հայերուն մօտ տօնական տրամադրութիւն է»,- յայտնեց պարոն Նալպանտ: Ան յոյս ունի, որ շուտով Հալէպի հարաւային հատուածը եւս կ'ազատագրուի եւ մարդիկ հնարաւորութիւն կ'ունենան այցելել ազատագրուած տարածքներ:

Ինչ կը  վերաբերի արդէն իսկ ազատագրուած տարածքներուն, պարոն Նալպանտ ըսաւ, որ իրեն թոյլ չեն տուած մօտենալ Պոսթան Փաշա թաղամասին, մտնել եկեղեցիներ, լուսանկարել: «Հիմա կը սպասենք: Մեր թաղամասերն ահագին ապահով են, հիմա ես փորձեցի երթալ մեր եկեղեցիներ, բայց թոյլ չտուին: Տակաւին ականապատուած տեղեր կան այնտեղ, կան թունելներ, որոնց մէջ ալ ականներ տեղադրուած են: Սուրիական բանակի ծառայողները տարբեր երկիրներու մասնագէտներու հետ կը փորձեն ականազերծել այդ շրջանները եւ ապա միայն յանձնել ժողովուրդին», - փոխանցեց մեր զրուցակիցը:

Ան կապի մէջ է Քեսապ, Լիբանան, Լաթաքիա, Հայաստան տեղափոխուած իր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ եւ գիտէ, որ անոնց մօտ սպասողական վիճակ է, անպայման կ'ուզեն վերադառնալ:

«Շատ կան այդպիսի մարդիկ, ես իրենց հետ կը խօսիմ՝ Քեսապի, Լաթաքիոյ, Հոմսի, Դամակոսի մէջ բոլորը  կ'ուզեն վերադառնալ: Մօտ 10 հազար հայեր կ'ուզեն վերադառնալ, միայն թէ խաղաղութեան վերջնական պայմանագիրը կնքուի: կ'ուզեն գալ Լիբանանէն, Հայաստանէն, Քեսապէն, Լաթաքիայէն: Իսկ ով որ գնաց Արեւմուտք, Աստուած իրենց հետ, գացին քաբիթալիզմի ձեռքերը, թող ծծեն իրենց արիւնը», - աւելցուց մեր զրուցակիցը:

Հայկական թաղամասերու մէջ կան տուներ, որոնք, անոր վկայութեամբ, ի սպառ քանդուած են, օրինակ՝ Նոր Գիւղի թաղամասին մէջ, իսկ կան նաեւ շէնքեր, որոնց վրայ ռումբ ինկած է, վնասած է, բայց քանդուած չէ: Հալէպի քաղաքապետարանը, համապատասխան յանձնաժողովները պիտի որոշեն՝ ինչպէս վերանորոգել զանոնք:

«Տուներու մեծ մասը փոքր վնասուածքներ ստացած են, որոնք կարելի է նորոգել: Այսինքն մօտ 15-20 օր կամ մէկ ամիս եթէ աշխատին, կը վերանորոգեն տուները: Բայց շէնքեր կան, որ ընդհանրապէս փլած են, բարեբախտաբար անոնց թիւը քիչ է: Խորապէս չենք կրնար տեսնել, այդ թաղերը մտանք, տեսանք ինչ կատարուած առաջին գիծի վրայ՝ շէնքեր կան, որոնք ընդհանրապէս չկան: Իսկ շէնքեր ալ կան, զորս կարելի է վերականգնել ու անկէ ետք կեանքը կը շարունակուի»,- աւելցուց գրողը: