image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Մեծ շուքով նշուած է Հնչակեան քսաններու յիշատակը

  Լոս Անճըլըսի մէջ. Մեծ շուքով նշուած է  Հնչակեան քսաններու  յիշատակը

 Օրերս ԱՄՆ-ի Լոս Անճըլըս  հայաշատ  նահանգին մէջ մեծ շուքով նշուած է  ՍԴՀԿ անմահանուն  քսան հերոսներու նահատակութեան հերթական  տարելիցը։

Այս  մասին  «Արեւելք»  իմացաւ    ՍԴՀԿ  Արեւմտեան ԱՄՆ-ի  պաշտօնաթերթ՝ «Մասիս»էն։

Ստորեւ ներկայացուած  լրատւութիւնը։

 

 

Կիրակի, Յուլիսի 14-ին, 2024, Կլենտէյլի Իրանահայ Միութեան հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հնչակեան քսան հերոսներու նահատակութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչումը:

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի կազմակերպած սոյն միջոցառումին  ներկաներուն մէջ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Ընկ. Տօքթ. Համբիկ ՍարաՖեան,  Վարիչ Մարմնի ատենապետ` ընկ. Վազգէն Խոտանեան, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Հայց. Եկեղեցւոյ առաջնորդի փոխանորդ` Արժ. Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան, Լոս Անճելոսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ ազնուափայլ Տիկ. Նազելի Համբարձումեան, ՀՅԴ-ի ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն մը:

Հանդիսութիւնը  սկսաւ ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ  եւ ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն յարգանք մատուցուեցաւ  Հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:

Օրուան հանդիսավարուհի ընկհ. Ծովիկ Քէօրօղլեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք ներկայ հիւրերն ու հասարակութիւնը ոգեկոչեց յիշատակը կախաղան բարձրացած հնչակեան անմահներուն, որոնք կանխատեսած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ փորձած էին կանխել զայն:

«Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութիւնը եղած է ամբողջական նուիրում իր ազգին ու  Հայրենիքին: Ան առաջնորդեց  Սասնոյ ու Զէյթունի ապստամբութիւնները, Պոլսոյ մէջ կազմակերպեց  Գում Գափուի եւ Պապ Ալիի ցոյցերը, զարկ տուաւ ֆետայական շարժումներուն, մասնակցեցաւ Սարդարապատի ճակատամարտին ու կազմակերպեց  Հաճնոյ ինքնապաշտպանութիւնը ու տակաւին շատ աւելին:

«Սակայն, Քսաններուն կախաղանի բարձրացումը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ մեր կուսակցութեան պատմութեան մէջ: Անոնց նահատակութեամբ Հնչակեանութիւնը կորսնցուց իր մտքի ու բազուկի ընտրանին: Անոնք տակաւին շատ բան ունէին տալիք Կուսակցութեան ու հայ ժողովուրդին», իր խօսքին մէջ ըսաւ հանդիսավարուհի` Ծովիկ Քէօրօղլեան:

Դոկտ. Լինտա Կէրկէրեան-Մկրտիչեան ապրումով արտասանեց բանաստեղծ  Գառնիկ Ադդարեանի «Պայազիտ» պոէմը, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:

ՍԴՀԿ-ի հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի անունով (ՀԱԽ) խօսք առաւ  Նիգոլոս Եփրեմեանը: Ան Անգլերէն լեզուով իր ուղերձին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Խումբ մը Հայ հերոսներ դարբնուած էին իրենց ընդհանուր ժառանգութեան եւ արժէքներուն մէջ:  Արժէքներ, որոնք այսօր կը հնչեն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն  մօտ: Կրոնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, անկախութեան ու ազատութեան արժէքները,  սեփական քրտնաջան աշխատանքով ու աշխատանքէն օգուտ քաղելու իրաւունքը: Իրենց համոզմունքներուն ու անոնց դէմ կանգնածներու  ատելութեան համար այս հերոսները դատուեցան ու կախուեցան  բռնակալ թրքական կառավարութեան կողմէ, որ կը ձգտէր բնաջնջել բոլոր ոչ թուրք ժողովուրդները` իրենց սահմաններուն մէջ ապրող:

«Տասնամեակներ շարունակ Հայ Ամերիկեան  խորհուրդը իր առաքելութիւնը  դարձուցած է` պայքարիլ  ճիշդ այս արժէքներուն համար եւ ի սրտէ ընդունած է այն ոգեշնչող օրինակը, որ տուած են այս քաջարու հայրենասէրները:

«Այժմ մեր ժողովուրդը  կրկին կանգնած է այդ ուժերուն կողմէ ոչնչացման վտանգին առաջեւ: Արցախը ինկած է պատերազմի, հալածանքնեու, անհանդուրժողականութեան եւ էթնիկ զտումներու բաճկոններուն  տակ: Մեր ժողովուրդի յուշարձանները, մեր ժառանգութիւնը, մէկ առ մէկ կը ոչնչացուին: Նոյն ճակատագրի սպառնալիքին առջեւ է նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութինը, մեր նորածին հայրենիքը, որ եղած է այս 20 հերոսներու երազանքը»:

Ապա տեղի ունեցաւ «Քսանի Լուսաբացը»  պատմա-վաւերագրական ժապաւենի ցուցադրութիւնը, որուն մէջ կը պատկերացուէին համիտեան ջարդերը, հայոց ցեղասպանութիւնը, Հնչակեան քաջամարտիկներու ազատագրական պայքարն ու անմահն Փարամազի եւ իր ընկերներու կախաղան բարձրանալը:

Օրուան գխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` ընկ. Տօքթ. Համբիկ ՍարաՖեան: Ան սեղմ գիծերով ներկայացուց19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ սուլթանական  Թուրքիոյ որդեգրած հայաջինջ քաղաքականութիւնն ու անյուհետեւ 1887-ին որդեգրած ազատագրական պայքարի ճիշդ ուղին, որուն համար իրենց կեանքը զոհաբերեցին հազարաւորներու շարքին Հնչակեան քսան նուիրեալ հերոսները:

Ընկ. Համբիկ ՍարաՖեան, անդրադարձաւ նաեւ վերջին տասնամեակներուն հայրենիքի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, որոնց համար ՍԴՀԿ ընդդիմադիր դիրքերու վրայ էր մինչեւ 2018 թուականը: Կուսակցութեան համար առաջին հերթին կարեւոր էին համամարդկային արժէքներու ու ժողովրդավարութեան պահպանումնը: Անոնք որոնք կ’ընդունին այս գաղափարը` մենք ձեռք կերկարենք անոնց:

«44 օրուան պատերազմէն վերջ ամէն ինչ փոխուած է: Ներկայիս եթէ ճիշդ ձեւով չի գործենք` շատ բան կը կորսնցնենք: Արցախի պատերազմի կապակցութեամբ շատ մը մեղաւորներ ունինք: Մտայնութիւնները պէտք է փոխուին եւ ազգային ընդհանուր տեսլականը շատ կարեւոր էՙ նշեց ան:

«Մեր դարաւոր սխալը փրկիչներու ապաւինիլը եղած է եւ այն ակնկալութիւնը, որ անոնք պիտի գան եւ որպէս բարի ու քրիստոնեայ ժողովուրդ մեզ փրկեն: Ժամանակն է գիտակցիլ, որ մենք ենք մեր միակ ապաւէնը: Հայ ժողովուրդը, հայոց բանակը եւ հայու միտքն է, որ մեզ պիտի առաջնրդեն դէպի ապագայ:

«Հայաստան պէտք է շարունակէ վարել բազմաբեւեռ` իր պետական շահերէն բխած քաղաքականութիւն: Այսօր յստակ է, որ Հայաստանը իր ժողովրդավարական համակարգով եւ արժէքներով իր ապագան կը տեսնայ Եւրոպական ընտանիքին մէջ»:

Ան դրապէս արտայայտուեցաւ Իրանի եւ Արեւմտեան երկիրներու հետ ներկայի յարաբերութիւններուն մասին եւ իր լաւատեսութիւնը յայտնեց մօտաւոր ապագային համար նախատեսուած զարգացումներուն կապակցութեամբ, որոնք առնչուած են փոխադարձ շահաւէտ հիմերու վրայ:

Իր խօսքի աւարտին Ընկ. Սարաֆեան անդրադառնալով եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն ըսաւ. «Հիմա, որ Հայաստանի մէջ կրքերը որոշ  չափով հանդարտաած են, մեր յոյսն է, որ Մայր Աթոռը վերատեսութեան կ’ենթարկէ իր մօտեցումները  քաղաքական ներկայ իրավիճակի կապակցութեամբ, վեր  կը մնայ քաղաքական  գործընթացներու ուղղակի մասնակցութենէն եւ  կը վերստանձնէ ազգը միաւորողի իր դերը»:

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ գաղութիս սիրուած երգիչներէն Յարութ Յակոբեան, ստեղնաշարի ընկերակցութեամբ Աշոտ Սարգսեանի: Ան յաջորդաբար երգեց «Ողջոյն քեզ Հնչակ», «Ձայն տուր ով Ֆետա», «Ձայն մը հնչեց» եւ «Հնչակեան ենք մենք» յոտնկայս մասնակցութեամբ ներկաներուն:

Վերոյիշեալ երգով 109-ամեակի յուշատօնը հասաւ իր աւարտին, ստեղծելով ոգեւորիչ մթնոլորտ եւ ապագային խրախուսիչ տեսլական: Ներկաները սրահէն բաժնուեցան որակաւոր միջոցառումի մը մասնակցած ըլլալու լաւագոյն տպաւորութիւններով: