Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեան ԱԺ-ի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ մասնակցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին եւ հանդէս եկած ելոյթով։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՅԴ կայքէջը։
Ելոյթին Արտաքին Գործոց նախարարը անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն, ատրպէյճանեան-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։
Որպէս ԱՀ-ի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններ Դաւիթ Բաբայեան առանձնացուցած է հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու ապաբռնագրաւումը, ատրպէյճանեան-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ եւ արդարացի կարգաւորումը, տարբեր երկիրներու եւ անոնց մարմիններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը։
Նախարարը շեշտած է, որ Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու համար անընդունելի է Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու որեւէ կարգավիճակ, ինչ որ կը նշանակէ Արցախի եւ հայոց պետականութեան կործանում։
Առաջադրուած խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման համար Արտաքին գործոց նախարարը կարեւորած է Արցախի աշխարհաքաղաքական ենթակայութեան պահպանումը, համահայկական միասնականութիւնը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Արցախի՝ որպէս ազգային գերագոյն արժէքի ընկալումը։
Բաբայեան բարձր գնահատած է Հայ Դատի գրասենեակներու կողմէ իրականացուող աշխատանքները եւ կառոյցի ներդրումը Արցախի զարգացման եւ զօրացման գործով։ Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնած է հայրենանուէր աշխատանքի համար՝ յոյս յայտնելով, որ ՀՅԴ Հայ Դատը նոյն եռանդով եւ նուիրուածութեամբ կը շարունակէ իր աշխատանքը, եւ արցախակեդրոնութիւնը կը մնայ անոր գործունէութեան հիմնասիւներէն մէկը։
Խորհրդաժողովի ընթացքին ԱԳ նախարարը նաեւ պատասխանած է ներկաներու՝ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերող հարցերուն։
Խորհրդաժողովին ելոյթներով հանդէս եկած են՝ Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ՝ Յակոբ Յակոբեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արթուր Թովմասեան։