Թեհրանի մէջ մեկնարկած են Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանի պաշտօնական հանդիպումները։
ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութենէն յայտնած են, որ կայացած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սեյէտ Ապպաս Արաքչիի առանձնազրոյցը:
Այս մասին հաղորդած է նաեւ «Իռնա» գործակալութիւնը, նշելով, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թեհրանի մէջ հանդիպած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սեյէտ Ապպաս Արաքչիի հետ։ Կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու առանցքային հարցեր, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներու շուրջ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղայիի հաղորդմամբ՝ Միրզոյեանի այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող պարբերական խորհրդակցութիւններու շրջածիրէն ներս, որոնք ուղղուած են երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման։
Ան աւելցուցած է, որ իրանցի պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին նախատեսուած է քննարկել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Թեհրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սեեյէտ Ապպաս Արաղչիի ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։
Աւելի վաղ նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը յայտնած էր, որ Արարատ Միրզոյեանը հոկտեմբեր 4-5-ը պաշտօնական այց կը կատարէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։