image

Հրամայական պարտաւորութիւն. Գրեց՝ Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան

Հրամայական պարտաւորութիւն. Գրեց՝ Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան

Դժուար էր ընդունիլ Արցախի լքումը:

Դժուար էր ընդունիլ հինգ հազար քաջարի զինուորներուն նահատակութիւնը, որ աւարտեցաւ հայրենական տարածքներու լքումով:

Դժուար էր ընդունիլ թշնամիին ներթափանցումը Հայաստանի սահմաններէն ներս:

Դժուար էր դիտել լրատուամիջոցներու առցանց էջերուն վրայ տեղադրուած տեսերիզը յանձնուող հայ զինուորի վայրագ սպանդին` անողոք եւ անմարդկային թշնամիին կողմէ:

Դժուար է լսել անընդհատ թշնամիին հայատեաց եւ հայամերժ ճառերը, որոնք յաճախ կը յուշեն մօտալուտ նոր ցեղասպանութեան մը մասին:

Դժուար է տեսնել բազմաթիւ պետութիւններու լռութիւնն ու անտարբերութիւնը այս մարդկային աղէտին առջեւ:

Դժուար էր նաեւ տեսնել մեր հայրենիքի վարչապետին, ափսո՜ս, քծնողական ու տկար կերպարը թշնամի պետութիւններու ներկայացուցիչներու առջեւ` միջազգային համագումարներուն:

Բայց աւելի՛ դժուար է տեսնել հայութիւնը ընդհանրապէս կրաւորական, ձեռնածալ, դիտողի աթոռին նստած, որ կը սպասէ իր գլխուն գալիք նոր աղէտին: Օրուան կարգախօսն ու նշանաբանն է` ՊԱՅՔԱ՛Ր: Պայքա՛ր եւ միա՛յն պայքար, որովհետեւ դժբախտաբար այլընտրանք չունինք:

Պայքարը միայն զէնք չէ՛, յստակ ըլլանք: Պայքարը միա՛յն ֆիզիքական մարտնչում չէ, յստա՛կ ըլլանք: Պայքարը կը սկսի առաջին հերթին իրարու հանդէպ, իբրեւ հայորդիներ, հանդուրժողականութիւն ստեղծելով, եղբայրութիւն քարոզելով եւ անշահախնդրօրէն հայասիրութիւն կիրարկելով: Բառեր, որոնք դժբախտաբար, կարծէք, կորսուած ըլլային մեր բառամթերքէն: Պայքարը նաեւ մեր ամէն օրը հայօրէն ապրելու բիւրեղացման մէջն է: Այսինքն դառնանք առաջին հերթին ընտիր նկարագրի տէր անձեր, մշակենք մեր միտքերը, վանենք չարաշահութիւնն ու խաբեբայութիւնը, հեռու մնանք տգիտութենէ եւ լճացած տրամաբանութենէ: Մնայուն արժէքներուն կարեւորութիւն տանք եւ ոչ թէ անցողիկին: Լուսաւորուինք եւ ապա լուսաւորենք մեր շրջապատը: Այլ խօսքով, դառնանք տիպար քաղաքացիները այն երկրին, ուր կ՛ապրինք:

Փորձենք դաստիարակել մեր զաւակները` հիմնուելով բարոյական եւ հոգեկան բարձր արժէքներու վրայ. իրենք են ազգին ապագան: Զինուինք հազարամեայ մեր հարուստ հայկական մշակոյթով եւ տէրը դառնանք մեր լեզուին ու ազգային ժառանգութեան: Վանենք «արդիականացում» խորագրին տակ այն ամբողջ տուեալները, որոնք պիտի տկարացնեն հայոց լեզուն: Մենք հպարտ ենք մեր հարուստ լեզուով, բայց խելացութիւնն ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք անոր վրայ գուրգուրալու եւ անոր տէր կանգնելու: Մի՛ հաւատաք այն խօսքին, որ կ՛ըսէ, թէ լեզուն նուազ կարեւոր տուեալ մըն է, քան զգացումը` հայապահպանման պայքարին մէջ. սխա՛լ. լեզուն հաւանաբար ըլլայ առաջին պատնէշը հայապահպանման պայքարին մէջ. ան կարեւոր է նոյնքան, որքան զգացումը, մշակոյթն ու կրօնը այս պարագային: Դժբախտաբար շատ են անոնք, որոնք կարեւորութիւն չեն տար իրենց պապենական լեզուին եւ «ծախեցին» զայն` նախընտրելով օտար, աւելի «կարեւոր» լեզուներ: Ամօ՛թ: Երբ այսօր ձեր լեզուն կ՛անտեսէք եւ կը փորձէք զայն մոռնալ, դժբախտաբար երկրորդ հանգրուանը կրնայ ըլլալ հայութենէ հեռանալ, ապա օտարի հետ ամուսնութիւն, ետքը` ձուլում:

Այսօրուան մեր հայրենիքի այս օրհասական վիճակը եւ դարաւոր թշնամիներու իրերայաջորդ հայասպանդ ու հայատեաց ճառերը խթան պէտք է հանդիսանան, որ արթննանք եւ տէրը դառնանք մեր ունեցածին, օգնենք իրարու, ձեռք ձեռքի տանք եւ գերադասե՛նք մեր հայութիւնն ու հայրենիքը ամէն բանէ:

Վերանորոգե՛նք մեր հայրենասիրութեան եւ հայասիրութեան ուխտը` չմոռնալով երբեք, որ երբ թշնամին մեր զինուորները սպաննեց, ան խտրութիւն չդրաւ անոնց յարանուանութեան, դաւանանքին կամ կուսակցական պատկանելիութեան մէջ. թշնամիին համար, լսեցէ՛ք, լաւ հայը մեռած հայն է. ձեր ականջներուն` օղ:

Արդարեւ, մենք ալ, մեր կարգին, դառնանք հայութեան եւ հայրենիքի նուիրուած գաղափարի զինուորներ` չմոռնալով երբեք մեր ազգային ժառանգութիւնը, մեր նահատակ հերոս եղբայրներն ու քոյրերը, եւ իրարու օգնելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս փաստեց, որ աշուղը իրաւունք ունէր, երբ ըսաւ` «Օտարէն ֆայտա չկայ»:

 

Տօքթ. Վարդգէս Արզումանեան 

 Նիւթը ՝ «Ազդակ»-էն