image
Հրատապ լուրեր:

Պուտափեշտ. Վարդգէս Մահտեսեան ներկայացուց Կիպրահայ համայնքի ընդհանուր իրավիճակը

Պուտափեշտ. Վարդգէս Մահտեսեան ներկայացուց Կիպրահայ համայնքի ընդհանուր իրավիճակը

Օրերս Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած եւ հայկական սփիւռքին նուիրուած գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան։

Կը նշուի նաեւ, որ Մահտեսեան այս առթիւ հանդէս եկած է համապարփակ ելոյթով մը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, 1-3 Փետրուար 2026ին, յատուկ հրաւէր ստանալով, Հունգարիոյի Ազգային Ժողովի հայկական համայնքի խօսնակ Նիկողոս Ակոպյանի կողմէ, մասնակցեցաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ գումարուած միջազգային գիտաժողովի մը, որ կը համախմբէր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները, օրակարգ ունենալով՝ «Հայկական Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը»։

Պրն․ Մահտեսեան, ժողովին արտասանած իր զեկոյցին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Կիպրահայ գաղութի կեանքին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կրօնական եւ աւանդական սովորութիւններու պահպանման, ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային գործունէութիւններուն մասին։

Ձեռնարկի պատուաւոր հովանաւորներն էին Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լազլո Քյովէրի եւ Հունգարիոյ փոխվարչապետ Ժոլտ Շեմյենի։