image

Մեր թշնամիները կը նահանջեն. Իրանցի զօրավար

Մեր թշնամիները կը նահանջեն. Իրանցի զօրավար

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրաբաժնի հրամանատար, զօրվար Հոսէյն Սալամին կարեւորած է Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի ծրագրերու ձախողումը` աըելով, որ Իրանի թշնամիները բացայայտօրէն դուրս կու գան տարածաշրջանէն:

«Մենք ականատես կը դառնանք տարածաշրջանէն թշնամիներու եւ մեծ տէրութիւններու ակնյայտ նահանջի», ըսած է զօրավարը:

Անդրադառնալով «Աֆղանիստանէն ԱՄՆ-ի փախուստին» եւ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու դուրսբերման, հրամանատարը ըսած է, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի ծրագրերը նոյնպէս անյաջող աւարտ ունեցած են: