Մուսալեռցի ազգային գործիչ, դաստիարակ ՝ Եսայի Հաւաթեան կը գրէ ՝
Մարոն,մեր թաղը հարս եկաւ՝ Վռամ Մինասեանին հետ իր ընտանեկան բոյնը կազմելու։
Վռամին ծնողքը,Զարմայր եւ Եւա Մինասեաններն էին։Զարմայրը՝ ազնւութեան,հեզութեան եւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ էր
,տիկին Եւան ՝քիչ մը շատախօս,բայց ընտանիքի նուիրուած մայր էր։
Վռամը գեղեցիկ տղամարդ էր,կարմիր այտերով,սիրուած իր ընկերներուն կողմէ։Կոմիտէի անդամ ալ էր։
Մենք միայն թաղեցի չէինք,այլ աւելին.հայրիկս կ՝աշխատէր Վռամին եւ Ներսէսին (Ներսոյեան) ագարակը( մեր տան դիմաց),ուր նաեւ ի հարկին հայրիկիս կ՝օգնէր մայրս, պարագայաբար նաեւ ես։
Վռամը ,ուտել-խմելը սիրող անձնաւորութիւն էր։Զատիկին , միշտ մայրիկէս պիտի խնդրէր որ աւանդական պանիրով հաց պատրաստելու ատեն իր հաշիւն ալ ըլլար։
Հարազատներ էին մեզի Մինասեանները։
Մարոն,որքան ծանօթ եմ,ամերիկայէն Պէյրութ եկած էր ուսանելու(ամերիկեան համալսարան),ուր եւ ծանօթացած էր Վռամ Մինասեանին հետ ։Որոշած էին միասին շարունակել իրենց կեանքը եւ Մարոն հարս եկած էր մեր թաղը։
Ուսեալ էր Մարոն,տիրապետած անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն։Բնականաբար իր նման անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը գիւղին մէջ աննկատ չէր կրնար մնալ։Իրմէ կը խնդրուէր որ անգլերէն լեզու դասաւանդէ ազգային վարժարանին մէջ։Այդպէս ալ եղաւ։Սիրեցին զինք աշակերտները իր բծախնդիր մօտեցումին եւ բարի վերաբերումին համար։Ընտանիքը ունեցաւ իր առջինեկ զաւակը՝ հրայրը,որ մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ ընտանիքին եւ բարեկամներուն։Սակայն երկար չտեւեց այս ուրախութիւնը, որովհետեւ սրտի կաթուածի զոհ գնաց Վռամը՝ բան որ ցնցեց Այնճարը։
Մարոն չյուսահատեցաւ,պայքարեցաւ դաժան բախտին դէմ։Դարձաւ խնամակալութեան ատենապետուհի,եւ բոլոր միջոցներով օգտակար հանդիսացաւ ազգ.Գ.Կիւլպէնկեան գոլէճին։
Մեկնեցաւ ամերիկա,ուր շարունակեց իր ուսումը բժշկագիտական մասնագիտութեամբ զոր յաջողութեամբ աւարտեց։Երկար տարիներ աշխատեցաւ բժշկական ծիրին մէջ՝ նոյն ատեն ստանձնելով ՀՕՄի ատենապետուհիի պատասխանատու պաշտօնը։Ամէն ճիգ թափեց (ՀՕՄ ի միջոցաւ) հայրենիքին եւ Արցախին թիկունք կանգնելու։
Զուր տեղ չէ որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը ցաւակցագիր կ՝ուղարկէ Մարոյի մեծ ընտանիքին՝ ՀՕՄ ին,անոր մահուան տխուր առիթով։
Մարոն,վերջին տարիներուն վերադարձաւ հայաստան,վերջնական կայք հաստատելով հայրենիքի մէջ։Ունեցաւ իր բոյնը Երեւանի վերին անտառային թաղամասին մէջ՝ այնքան մաքուր եւ գեղեցիկ դասաւորումով։
Հանդիպեցանք Երեւանի մէջ 25 տարիներ յետոյ։Յիշեցինք անցեալի կարեւոր դէպքերը,պատմեցինք,ուրախացանք եւ յուզուեցանք հին անցուդարձները վերյիշելով։
Յոգնած էր Մարոն կեանքի հեւքէն,եկած էր հայրենիքի մէջ հանգչելու։
Դժբախտաբար կարճ եղաւ այդ հանգիստը։Պատահական կերպով վիրաւորուեցաւ Ջրվէժի իր տան պարտէզին մէջ,որ պատճառ դարձաւ իր մահուան։
Մեր թաղի հարսը չկայ հիմա։Ան մեկնեցաւ իր ետին ձգելով իր միակ որդին եւ թոռնիկը՝ որոնց մէջ պիտի ապրի Վռամին եւ Մարոյին լուսաւոր յիշատակը։
Վռամն ու Մարոն հայկական բոյն շինած էին Այնճարի մէջ։Այդ բոյնը լուսաւոր էր։
Լոյս թող իջնէ իրենց հոգիներուն։