Նարեկ սարկաւագ Պետրոսյանը նահատակուեցաւ, ռազմադաշտում, Հոկտեմբեր 2020ի վերջին օրերուն:
Բառացիօրէն՝ Խաչը կուրծքին վրայ:
* * *
Հետեւեալ տեսանիւթին մէջ, 2008 թուականին, նա կը բացատրէր արդէն իր ու իր նմանների - իր նման աննմանների - նահատակութեան խորհուրդը, վեհագոյն իմաստը, լուսապայծառ կոչումն ու առանձնաշնորհեալ ուղին՝
https://www.youtube.com/watch?v=tL7DJgYTt0E
* * *
Եւ ապ հրճուանքով կը խօսէր, կայծկլտուն աչքերը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ լի: Ինք արդէն գիտեր, թէ դէպի ուր կ՚երթար: Եւ մանաւանդ՝ ինչու համար:
Շուշիի հայոց սուրբ հողին վրայ կը գտնուէր ան, այդ պահուն...
Մաքրամաքուր հոգիէն բխող իր այս խօսքերուն մէջ, մեր բազմահազար զոհուած հերոսներուն ձայնն է, որ կը լսենք նաեւ: Նրանց այժմ երկնային պատգամն է որ կը հնչէ, որպէս սրբազան ղօղանջ:
Ու մենք պէտք է որ տակաւին այդ յաւերժական կոչնակը լսել գիտնանք... հասկանանք...
Թող ուրեմն նահատակուած սարկաւագին՝ տասնըչորս տարիներ առաջ, Շուշիի՛ մէջ մեզի շնորհած այս ուղերձը, ըլլայ մեր Ազգին այս Նոր Տարուան Ուխտը...