image

«Մեր ապաստարանը Տէր Յիսուսն է». Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի ոգեշունչ պատգամը

 «Մեր  ապաստարանը Տէր Յիսուսն է». Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի ոգեշունչ պատգամը

Ինչ ալ որ ըլլայ, Յիսուս կանգնած է այնտեղ, ձեռքերը լայն բացած կ'ըսէ. «Եկէ՛ք քովս, թոյլ տուէք, որ ձեր ապաստարանը  ըլլամ: Թոյլ տուէք ձեր բեռը կրելու»: Երբ մենք կատարենք այն, կը տեսնենք, որ Անոր բազուկները ոչ միայն  բաւականաչափ լայն են մեր բեռը տանելու, այլեւ բաւարար ուժեղ են, որեւէ փոթորիկի մէջէն մեզ ուղղորդելու»։

Օրեր առաջ մեր եկեղեցին նշեց Խաչվերացի տաղաւար-տօնը։ Աշխարհի չորս ծագերուն այս առթիւ տրուեցան հոգեշունչ քարոզներ եւ կարդացուեցան ուղերձներ։

Ստորեւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի այս առթիւ կատարուած ոգեշունչ գրառումը։

 

Սրբազանը մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Երբ պատանի էի, մեր ամառնային եւ ձմեռային արձակուրդներուն կ'այցելէինք մօրս գիւղը՝ Սեւքարը։ Ձմռան այդ ցուրտ գիշերներէն մէկուն  գաղտագողի դուրս ելայ՝ ստուգելու համար գոմի կենդանիները: Լուսինը այնքան պայծառ կը փայլէր, որ իր գեղեցիկ ցոլքը կը սփռէր ձիւնածածկ գետնին վրայ։ Այնքան ցուրտ էր, որ տաշտի ջուրը պինդ սառած էր։ Երբ  գացի սառոյցը կոտրելու, բան մը տեսայ, որ այնքան զիս յուզեց, որ երբեք չեմ մոռնար:

 

Այնտեղ, տաշտին մօտ, հաւիկ մը կար՝ փոքրիկ, թոյլ թռչուն մը, որ թեւերը լայն բացած, կը պաշտպանէր իր փոքրիկ ճուտերը։ Շատ ցուրտ էր, քամին դաժանօրէն կը կծէր, բայց ան կը դիմակայէր այդ մրրիկին, իր թեւերով ծածկելով երեխաները: Հաւը յոգնած էր, այդ մէկը երեւելի էր, բայց ան չէր յանձնուեր: Վճռած էր ամէն գնով պաշտպանել իր փոքրիկները:

 

Այդ պատկերը այդ ժամանակուընէ ի վեր մնացած է հետս: Կարծէք, թէ Աստուած այս միջոցաւ մեր նկատմամբ Իր սիրոյ պատկերը կը ներկայացնէր: Այդ հաւին պէս՝ թեւերը լայն բացած, Յիսուս կը տարածէ իր ձեռքերը խաչին վրայ՝ հրաւիրելով մեզի գալու եւ ապաստան գտնելու Իր թեւերուն տակ, ճիշդ ինչպէս, որ ան կ'ողբար Երուսաղէմի վրայ՝ ըսելով. «Որքա՜ն յաճախ կ'ուզէի հաւաքել ձեր երեխաները, ինչպէս հաւը կը հաւաքէ իր ձագերը իր թեւերուն տակ» (Մատթէոս 23.37):

 

Բայց այս է բանալին՝ մենք պէտք է երթանք անոր մօտ: Ինչպէս այդ փոքրիկ ճուտերը կը վազեն հաւին քով պաշտպանութեան համար, մենք ալ պէտք է Յիսուսի քով երթալու ընտրութիւնը կատարենք: Պէտք է դադրինք տարբեր ուղղութեամբ վազելէ՝ մտածելով, որ կրնանք առանձինն հասնիլ Անոր, թոյլ տալով, որ Ինք գտնէ մեզի: Իր ձեռքերը խաչին վրայ պարզելով, Ան մեզի ներս կը հրաւիրէ, ցուրտէն պաշտպանուելու համար, դադրեցնելով առանձինն մարտեր մղելու մեր փորձերը, եւ թոյլ տալով, որ Ան առնէ մեզ Իր թեւերուն տակ:

 

Ընկերնե՛ր, ես չեմ գիտեր, թէ այսօր ինչ մարտահրաւէրներու առջեւ էք, եւ թէ ինչպիսի ցուրտ քամիներ կը փչեն ձեր կեանքին մէջ: Ինչ ալ որ ըլլայ, Յիսուս կանգնած է այնտեղ, ձեռքերը լայն բացած կ'ըսէ. «Եկէ՛ք քովս, թոյլ տուէք, որ ձեր ապաստանարանը ըլլամ: Թոյլ տուէք ձեր բեռը կրելու»: Երբ մենք կատարենք այն, կը տեսնենք, որ Անոր բազուկները ոչ միայն  բաւականաչափ լայն են մեր բեռը տանելու, այլեւ բաւարար ուժեղ են, որեւէ փոթորիկի մէջէն մեզ ուղղորդելու»։