image
Հրատապ լուրեր:

Մենք Ուքրանիա չենք ներխուժած. Լաւրով

Մենք Ուքրանիա չենք ներխուժած. Լաւրով

Մենք յատուկ ռազմական գործողութեան մասին յայտարարած ենք, երբ այլեւս որեւէ կերպ չենք ունեցած Արեւմուտքին բացատրելու, որ ան կը զբաղի յանցաւոր գործունէութեամբ` Ուքրանիան ներքաշելով ՆԱԹՕ:

 

Սան Փեթերպուրկի տնտեսական համագումարի շրջանակին մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով հարցազրոյց տուած է Մոսկուայի մէջ BBC-ի թղթակիցին` ի թիւս այլնի անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ սկսած յատուկ ռազմական գործողութեան:

«Գիտէք, մենք Ուքրանիա չենք ներխուժած, մենք յատուկ ռազմական գործողութեան մասին յայտարարած ենք, երբ այլեւս որեւէ կերպ չենք ունեցած Արեւմուտքին բացատրելու, որ ան կը զբաղի յանցաւոր գործունէութեամբ` Ուքրանիան ներքաշելով ՆԱԹՕ», ըսած է Լաւրով:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը մէկ անգամ չէ, որ նման հռետորաբանութեամբ խօսած էր` բացատրելով Փետրուար 24-ին Ուքրանիա զինուած ներխուժում սկսելու իր որոշումը: Մասնաւորապէս, այս թեմային նուիրած է Մայիս 9-ին Կարմիր հրապարակին մէջ կայացած Յաղթանակի շքերթի իր ելոյթի հիմնական մասը: