image

Մենք վար կրնանք առնել Պաշշար Ասատը. Իսրայէլացի զօրավարը կը յոխորտայ

Մենք վար կրնանք առնել Պաշշար Ասատը. Իսրայէլացի զօրավարը կը յոխորտայ

Իսրայէլի հետախուզական մարմնի նախկին բարձրաստիճան պատասխանատուներէն զօրաւար Ամուս Եէտլին յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսաւ, թէ իրենք կրնան որեւէ ատեն վար առնել Սուրիոյ վարչակարգը եւ տապալել Պաշշար Ասատը:

Եէտլին նաեւ յայտնեց, որ Իսրայէլ մեծ կասկածներով կ'ընդունի Ռուսաստանի կողմէ դէպի Սուրիա S-300 համակարգեր ուղարկելու երեւոյթը: Ան նաեւ նշեց, որ Իսրայէլ չի պատրաստուիր բախումի երթալ Ռուսաստանի հետ, յայտնելով, որ իրենց համար կարեւորագոյն խնդիրը իրանեան ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնն է եւ իրենք այդ առումով երկար եւ անժամկէտ պայքար մը պիտի տանին:

Եէտլին նաեւ յայտնեց, որ Իսրայէլի համար S-300 տիպի հրթիռային համակարգերը մեծ փոփոխութիւն մը պիտի չբերեն եւ այդ հրթիռներու ներկայութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնայ փոխել ռազմավարական կշիռը Միջին Արեւելքի մէջ:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ եւ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ռուսական S-3000 տիպի արդիական եւ ազդեցիկ հրթիռային համակարգերը շուտով Սուրիա պիտի ուղարկուին: