image

«Մենք քեզ կը սիրենք Հայաստան». 50 Cent-ը՝ Երեւանէն

«Մենք քեզ  կը սիրենք Հայաստան». 50 Cent-ը՝ Երեւանէն

Տարուայ ամենաանիրական թուացող իրադարձութիւնը դարձաւ իրականութիւն․ 50 Cent-ը անմոռանալի դարձուց «Հայա» փառատօնը իր առաջին երեւանեան համերգով, որ կայացաւ երէկ` Յուլիս 1-ին, Հրազդան մարզադաշտին մէջ, համախմբելով հազարաւոր հանդիսատես Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Աստղային երաժիշտին համերգը բացին 3.33 եւ «Մի քանի հոգի» խումբերը, ելոյթ ունեցաւ նաեւ ամերիկաբնակ հայ ռեփըր R-Mean-ը: 

Ռեփըրը ոգեւորուած էր հայաստանեան իր այցով․ «Մենք քեզ կը սիրենք, Հայաստան», խոստովանեցաւ ան: 

Երգիչը երգեց մօտ 1,5 ժամ` ներկայացնելով իր հիթերը, որոնք կ'ընդունուէին բուռն արձագանգներով ու բացագանչութիւններով: Համերգը բացառիկ դարձաւ նաեւ G-Unit խումբին հետ համատեղ ելոյթներով: