image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք կրակ չենք բացած». ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ

«Մենք կրակ չենք բացած». ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի տարբեր հատուածներուն կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է:

Պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: