Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի տարբեր հատուածներուն կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է:
Պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: