image

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Նաթանիահուի ձերբակալման թրքական հրամանը «PR քայլ» անուանած է

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Նաթանիահուի ձերբակալման թրքական հրամանը «PR քայլ» անուանած է

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «հերթական PR քայլ» անուանած է Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին եւ իսրայէլացի շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ձերբակալման հրաման տալը՝ Կազայի հատուածին մէջ ցեղասպանութեան մեղադրանքով:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Էրտողանի կառավարման օրօք Թուրքիոյ դատական համակարգը «գործիք դարձած է քաղաքական ընդդիմախօսները ճնշելու եւ լրագրողները, դատաւորները ու քաղաքապետները ձերբակալելու համար»:

Որպէս օրինակ տրուած է Իսթանպուլի դատախազութիւնը, որ վերջերս կազմակերպած էր Իսթանպուլի քաղաքապետի ձերբակալութիւնը միայն այն բանին համար, որ ան համարձակած էր առաջադրուիլ Էրտողանի դէմ:

«Այժմ Իսթանպուլի դատախազութիւնը իսրայէլացի առաջնորդներուն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ձերբակալման հրաման տուած է: Իսրայէլ վճռականօրէն եւ արհամարհանքով կը մերժէ բռնակալ Էրտողանի այս հերթական PR քայլը»,- ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան յայտարարութեան մէջ: