image
Հրատապ լուրեր:

Մելանիա Թրամփ պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի յաջորդ նիստը

Մելանիա Թրամփ  պիտի նախագահէ  ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի յաջորդ նիստը

Թրամփը հետաքրքրություն է ցուցաբերել Ռուսաստանի և Ուկրաինայի միջև պատերազմի ժամանակ ենթադրաբար առևանգված երեխաների ազատ արձակման հարցում։ Վերջերս նա հայտարարեց ուկրաինացի երեխաների և մեկ ռուս երեխայի՝ իրենց ընտանիքներ վերադառնալու մասին։

 

Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ յաջորդ ամիս պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, երբ Միացեալ Նահանգները ստանձնէ խորհուրդի նախագահութիւնը՝ ընդգծելու կրթութեան դերը հանդուրժողականութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան խթանման մէջ, կը հաղորդէ CNN-ը։

«Տիկին Թրամփի առաջնորդութիւնը պիտի նշանաւորէ առաջին դէպքը, երբ Միացեալ Նահանգներու գործող առաջին տիկինը պիտի նախագահէ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, մինչ անդամները կը քննարկեն կրթութեան, արհեստագիտական միջոցներու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերը», նշուած է առաջին տիկնոջ գրասենեակի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։

Կ՚ակնկալուի, որ ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Մայք Ուոլթսը, Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները եւ միջազգային շահագրգիռ կողմերը եւս պիտի մասնակցին մարտ 2-ին Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կայանալիք հանդիպուման։ Նիստին թեման է՝ «Երեխաները, արհեստագիտութիւնը եւ կրթութիւնը հակամարտութիւններու մէջ»։

Թրամփ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմի ընթացքին ենթադրաբար առեւանգուած երեխաներու ազատ արձակման հարցին։ Վերջերս ան յայտարարած է ուքրանացի երեխաներու եւ մէկ ռուս երեխայի՝ իրենց ընտանիքներ վերադառնալու մասին։