Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ համագործակցութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական կապերու եւ ուժանիւթային անվտանգութեան առնչուող հարցեր։
Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը, այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Արչիլ Քալանտիան։
Անոր համաձայն՝ հանդիպման աւարտին երեք երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները պիտի ստորագրեն համատեղ յայտարարութիւն։
Քալանտիան նաեւ նշած է, որ Վրաստանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլին առանձին երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներու՝ Հաքան Ֆիտանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Դիւանագէտին համաձայն՝ քննարկուելիք նիւթերու շարքին պիտի ըլլայ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հետագայ ամրապնդման հարցը։