Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դատապարտած է «Ատրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից բնապահպանական կեղծ պատճառաբանութիւններով Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի արգելափակումը»։
«Նմանօրինակ սադրիչ գործողութիւններն ուղղուած են էթնիկ զտումների իրականացմանը, որոնք հերթական անգամ ի ցոյց են դնում Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած կացութիւնն անվիճարկելի է դարձնում այն իրողութիւնը, որ արցախահայութեան անվտանգ կեանքը հնարաւոր չէ Ադրբեջանի կազմում»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Մայր Աթոռէն տեղեկացուցած են, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ արդէն իսկ դիմումներ յղուած են Քոյր Եկեղեցիներու պետերուն, միջազգային ու միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն` Ատրպէյճանի այս անմարդկային գործողութիւններուն հակազդելու եւ արցախահայութեան հումանիտար աղէտալի իրավիճակը յաղթահարելու համար:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սպասումն է, որ միջազգային հանրութիւնը համարժէք գնահատականներ կը տայ մարդու իրաւունքների հիմնարար նորմերը ոտնահարող Ատրպէյճանի սադրանքներին, որոնք մեծապէս վտանգում են տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը:
Յորդորում ենք նաեւ Կովկասի մահմետականների վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազադէին, մարդասիրական իր կոչմանը հաւատարիմ, շօշափելի եւ առարկայական քայլեր ձեռնարկել ատրպէյճանական հրահրիչ գործողութիւնները բացառելու համար»,- ըսուած է Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան մէջ։