image

Մայր Աթոռի միաբաններ՝ Եռաբլուր այցելեցին

Մայր Աթոռի միաբաններ՝ Եռաբլուր այցելեցին

21 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններն այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան եւ անսասանութեան համար իրենց կեանքն ընծայաբերած հայորդիներու յիշատակին: 

Պանթէոնին մէջ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։ 

Հոգեւորականաց դասն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար: