Մայր Աթոռը Տաթեւի վանքի վանահայր Տէր Միքայէլ Գէորգեանը կարգալոյծ ընելու հարց չի քննարկեր:
Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը։
«Հայր Միքայէլը ունի առողջական խնդիրներ, սակայն շարունակում է իր ծառայութիւնը Տաթեւի վանքում»,- նշած է Արթենեանը:
Յիշեցնենք, որ արդէն քանի ամիս է, որ համացանցի մէջ կը քննարկուի Հայր Միքայէլի իբր կարգալոյծ ընելու հարցը։ Բայց նշենք, որ ան իր հարցազրոյցներուն մէջ բազմիցս խօսած է առողջական խնդիրներու եւ ծառայութիւնն իրականացնելու անհնարինութեան մասին։