image

Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանի Մէջ

Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին, ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերասան Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Յանձնախումբի անդամ Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ նշեց, որ յանձնախումբը, իւրաքանչիւր հայու նման, կը տագնապի հայաշխարհին ապրած  ներկայ ցաւալի  ու սրտաճմլիկ իրադարձութիւններով, որոնք անցնող քանի մը տարիներէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր դժբախտաբար տակաւին կը շարունակուին: Ան ընդգծեց, որ ասով հանդերձ, պէտք չէ անտարբեր եւ կրաւորական մնալ, եւ պէտք է աւելի քան երբեք հայկակութեամբ հաղորդուիլ, մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը մեր մէջ վառ պահել, եւ համահամայկական հարցերով աւելի զբաղիլ:

Շ. Գառնէշեան-Մխճեան աւելցուց, որ այս միտքերէն մեկնած` ՋԱՀ յանձնախումբը, որ կոչուած է ի նպաստ Ջաւախքի, Արցախի եւ Հայաստանի գործունէութիւն ծաւալելու եւ իր համեստ ներդրումներով  այնտեղ ապրող հայութեան բարգաւաճման ու զարգացման օժանդակելու, այսօր իր բազմերես գործունէութեան մէջ կը բանայ համեմատաբար աւելի թեթեւ` գեղարուեստական վարագոյր մը, ստեղծելով cineclub-ի դրութիւն մը, որուն համար ծրագրուած ժապաւէններու ցուցադրութիւններու իր շարքով կը միտի լիբանանահայ հանրութեան հրամցնել հայութեան մասին պատմող տարբեր ժապաւէններ, որոնք երբեմն կը խօսին հայկական ինքնութիւնը շեշտաւորող անձնական պատումներու, երբեմն իրական պատմութիւններու եւ երբեմն ալ ժառանգուած յիշողութենէ ներշնչուած փորձառութիւններու մասին:

Շ. Գառնէշեան-Մխճեան ապա նշեց նշանաւոր ժապաւէններ, ինչպէս` «Մայրիկ»-ը, «Արարատ»-ը, «Տը լարք Ֆարմ», «Տը փրամիս», որոնք ծառայեցին իբրեւ իր դարաւոր իրաւունքներուն համար պայքարող եւ արդար դատ հետապնդող ժողովուրդ` հայերուս, աշխարհին ծանօթացման եւ մեր պահանջատիրական երթին ու հարազատ պատմութեան մասին իրազեկող քարոզչամիջոց:

Իր խօսքի աւարտին Շ. Գառնէշեան-Մխճեան հանդիսատեսներուն  ուշադրութեան յանձնեց, որ ժապաւէնի յաջորդ ցուցադրութիւնը կը նախատեսուի յուլիսի աւարտին` ներկայացնելու հայաստանցի բեմադրիչ Իննա Սահակեանի «Արշալոյսի լուսաբացը» ժապաւէնը:

Ապա ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին շուրջ 2 ժամնոց ժապաւէնը: