Ամերիկահայ ազգային բարերար Մայք Սարեան օրերս 58.000 ամն տոլար նուիրաբերած է Ամերիկայի Լոս Անճելըս նահանգի Ինսինո շրջանի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին։
Բարերարը այս գումարը յատկացուցած է եկղեցւոյ հիմնադրման 58-րդ տարեդարձին առթիւ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 57 եւ 58-րդ տարեդարձներուն նուիրուած հանգանակային ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, հիւրընկալութեամբ բարերար՝ Մայք Սարեանի:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Ռոստոմ եւ Ա. Շիրակեան կոմիտէներու, ուղեկից միութիւններու, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի, Մարի Գապայեան Մանկապարտէզ-մանկամսուրի տնօրէնութեանց եւ Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Կատարուեցաւ սեղանի օրհնութիւն, ապա Հոգեւոր հովիւը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ դիտել տալով, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով տարի մը առաջ կարելի չեղաւ եկեղեցւոյ օծման 57-րդ ամեակը նշել, հետեւաբար, վերջին երկու տարիներու միացմամբ այսօր միատեղ կը նշենք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման զոյգ տարեդարձները:
Հոգաբարձութեան անունով խօսք առաւ Արա Փափազեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս նպատակին համար աշխատանքի լծուած յատուկ յանձնախումբի անդամներուն եւ նուիրեալ կամաւորներուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան եւ ոչինչ խնայեցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին կանգուն ու պայծառ պահելու եւ օծման զոյգ ամեակները հանգանակային ճաշկերոյթով մը նշելու համար:
Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի հրաւէրով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ճաշկերոյթի մասնակիցներուն ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը՝ ըսելով. «Եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար աղօթքի տուն եւ միութիւն ապահովող երդիք է: Եկեղեցին Աստուծոյ ողորմած ներկայութիւնն է մարդոց կեանքին մէջ: Այսօր, հաւաքուելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, մենք բոլորս կ՛օրհնուինք եկեղեցիէն ճառագայթող շնորհներով: Մինչ դուք՝ եկեղեցւոյ զօրակցելով, ձեր ներդրումը կը բերէք երկրի վրայ Աստուծոյ արքայութեան առաւել եւս ամրապնդման եւ տարածման սուրբ գործին»:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեան, ճաշկերոյթի հիւրընկալ բժիշկ Մայք Սարեանի փոխանցեցին խորհրդանշական նուէր՝ 1173-ին գրուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» արծաթեայ պահպանակով գիրքէն օրինակ մը, ապա միասնաբար հատեցին կարկանդակը:
Բժիշկ Մայք Սարեան իր կարգին խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգեւոր հովիւին ու Հոգաբարձութեան, ապա անցեալի դէպքերու պատումով ներկաները մասնակից դարձուց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանէն ներս իր ապրած անմոռաց ու քաղցր յուշերուն: Հանգանակային ճաշկերոյթը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պահպանիչով: