Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունած է այցելութիւնը Սուրիոյ մէջ գործող «Վերիթաս» աստուածաբանական համալսարանի ներքոյ գործող, ղեկավարներ եւ ծառայողներ պատրաստելու դասընթացքներ կազմակերպող «Վերիթաս»-ի տնօրէնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը ղեկավարներ եւ ծառայողներ պատրաստելու դասընթացքներ կազմակերպող «Վերիթաս»-ի տնօրէն տիար Ամին Խալիլը, իր օգնականն ու հայորդի տիկ. Դալարը։ «Վերիթաս»-ը կը պատկանի Սուրիոյ մէջ գործող «Վերիթաս» աստուածաբանական համալսարանին, որ Աստուածաշունչին քաջատեղեակ ղեկավարներ եւ ծառայողներ պատրաստելու նպատակով դասընթացքներ կը կազմակերպէ։
Պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ «Վերիթաս»-ի իրագործած վերջին դասընթացքին, որ կատարուեցաւ Ճեզիրէի շրջանէն ներս եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նման դասընթացքներ Հալէպի մէջ եւս իրագործելու։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց նման դասընթացքներ կազմակերպելուն առիթով եւ համագործակցութեան ոգիով յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպողներուն։ See less