image

Մարսէյլի մէջ բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը

Մարսէյլի մէջ բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը

«Նեմեսիս» գործողութեան մասնակից, հայ վրիժառու, Հայոց ցեղասպանութեան վերապրած Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը տեղադրուած է Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ։

Մարսէյլի Պոմոն շրջանին մէջ Մարտ 15-ին տեղի ունեցած է հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանին հանդիսաւոր բացումը: 

2017 թուականին Մարսէլի մէջ հրապարակներէն մէկը պաշտօնապէս անուանուած է հայ վրիժառուի անունով։

1921 Մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանը սպաննեց Թալէաթ փաշան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն մէկը։

Թեհլերեանի գործողութիւնները մաս կը կազմէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող «Նեմեսիս» գործողութեան անուամբ, որ կը փորձէր պատասխանատուութեան ենթարկել Հայոց Ցեղասպանութեան մեղաւորները:

Սպանութենէն ետք Թեհլիրեանը դատած են Գերմանիոյ դատարանին մէջ, այնուհետեւ ան անմեղ ճանչցուած ու ազատ արձակուած է։