Ռուս զինուորականները կը վերահսկեն Մարիոփոլը, ըսած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն:
«Խաղաղ կեանքը կը կարգաւորուի ազգայնականներէն ազատագրուած Լուկսանքի եւ Տոնեցքի ժողովրդավարական հանրապետութիւններուն եւ Ուքրանիոյ տարածքներուն մէջ, այդ շարքին` Մարիոփոլի մէջ` Ազովի ծովի ամենամեծ արդիւնաբերական եւ փոխադրական հանգույցին մէջ, որ կը գտնուի ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ», ըսած է Շոյկուն: