Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի կարծիքով՝ Ֆրանսայի ընտրութիւններուն «ծայրայեղականներու» պարտութիւնը ողջ աշխարհի յաղթանակն էր: Այս մասին ան լրագրողներուն հետ խօսած է Սէուտական Արաբիայէն վերադառնալու ճանապարհին:
«Ֆրանսայի ընտրութիւններու արդիւնքով ծայրայեղականներու պարտութիւնը մեր ողջ աշխարհի յաղթանակն է: Միւս կողմէ, պարզուեցաւ, որ Մաքրոնի ընդդիմադիրները լաւ չեն վերլուծած Ֆրանսայի ընկերաբանական կառուցուածքը: Այլ խօսքով, անոնց շատ վառ ցուցադրական թշնամանքը իսլամի հանդէպ, յատկապէս անոնց ծայրայեղական վերաբերմունքը հիժապի ու իսլամներու նկատմամբ, բնականաբար, երկրորդ փուլին Մաքրոնին առաջին տեղ մղեցին»,- յայտարարած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի մէջ 24 Ապրիլին տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, եւ գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 58.54 տոկոսով յաղթեց «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան ղեկավար՝ Մարին Լե Փենին, որ հաւաքեց 41.46 տոկոս: