image

Մաքրոն Ատրպէյճանը դատապարտող կեցուածքով հանդէս եկաւ. Կարծիք Շահան Գանտահարեանէն

Մաքրոն  Ատրպէյճանը դատապարտող կեցուածքով հանդէս եկաւ. Կարծիք Շահան Գանտահարեանէն

 

 

Վերջին  զարգացումներուն վերաբերեալ  օրերս ուշագրաւ  կարծիքով  հանդէս եկած է Պէյրութեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան  Գանտահարեան։ Գանտահարեան, որ խօսած է 24News-ին  անդրադարձած է յատկապէս   Հարաւային  Կովկասեան զարգացումներուն վերաբերեալ  Ֆրանսայի   նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի կողմէ  հնչեցուած  կարծիքներուն։

 Նիւթի  կարեւորութեան համար, այն  կը ներկայացնենք   ամբողջութեամբ (արեւմտահայերէնի  վերածուած)։

 Գանտահարեան կը նշէ, թէ «Մաքրոն կը հաստատէ, որ Ատրպէյճան թիրախաւորած է Հայաստանի տարածքը, աւերած քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Ան ասոնք անընդունելի համարած է եւ հաստատած, որ Ֆրանսան այս առումով ստանձնած է իր պարտականութիւնները:

Այս հաստատումը Ատրպէյճանը ուղղակի յարձակողական կը համարէ, կը դատապարտէ անոր ներխուժումը հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ եւ կը փոխանցէ, որ հրադադարի հաստատման կամ ուժի կիրառման շարունակութեան առումով Ֆրանսան դեր վերցուցած է։ Եւ երբ կ'ըսուի, որ բանակցութիւնները կը տարուին տարբեր ձեւաչափերով, մասնաւորապէս ԵՄ-ի հովանիի ներքեւ, եւ պէտք է վերսկսիլ զանոնք, այդ դիւանագիտօրէն կը շրջանցէ ռուսական միջնորդական եւ երաշխաւորման գործօնը եւ այդ դերը բացառապէս կը վերապահէ ԵՄ-ին:

Երկրորդ՝ Ֆրանսան պահանջած է, որ ատրպէյճանական ուժերը վերադառնան ելման դիրքեր: Այս պահանջը Մաքրոն ուղղակի փոխանցած է Ալիեւին, եւ որ սահմանի  սահմանագծուած չըլլալու փաստը չի կրնար արդարացնել որեւէ առաջխաղացում միւս երկրի տարածք: Այս դիրքորոշումով Մաքրոն կը դատապարտէ ուժի կիրառմամբ սահմանազատում իրականացնելու Պաքուի քաղաքականութիւնը։

Երրորդ՝ Ռուսիոյ ուղղուած սլաքն է, որ կը պարփակէ այն ուղերձը, որ 44-օրեայ պատերազմի իբրեւ հետեւանք ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ ռուսական բանակի ընդլայնուած ներկայութիւնը:

Եւ չորրորդ՝ Ֆրանսան առաջարկ կը հրապարակայնացնէ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին առընչել ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը։ Սա եւս կը կարծեմ պէտք է դիտարկել իբրեւ ռուսական երաշխաւորման եւ միջնորդական կարգավիճակի հակակշռման գործողութիւն։

Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ քանի մը կարեւոր հանգամանք Ֆրանսայի քայլերուն մէջ: Նախ, այն, որ պաշտօնական Փարիզի յայտարարութեան մէջ որոշակի հասցէականութիւն կայ։ Երկրորդ, որ Ֆրանսան առաջիններէն էր, որ պահանջեց ատրպէյճանական զօրքերու ելման կէտ վերադառնալը։ Իսկ արցախեան ուղղութեամբ՝ Ֆրանսան համանախագահող միջնորդ երկիր է, որ կը համարէ, որ թէ՛ արցախեան հակամարտութիւնը դեռ չէ լուծուած եւ թէ՛ կարգավիճակ չէ որոշուած։ Աւելի ընդհանուր դիտարկումով նկատելի է համակարգելու համաձայնեցուածութիւն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ հետզհետե միջազգային ընտանիքի երկիրներուն միջեւ։

Այս կարելի է դիտարկել ռուսական գործօնի հակակշռման գործողութիւններու շրջածիրէն ներս։ Այս տեսութեան վառ ապացոյցն այն է, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը եւս հանդէս եկած է զօրքերու յետքաշման պահանջով։ Միեւնոյն ժամանակ, կայ հաշուարկ Ատրպէյճանին հետ ուժանիւթի ոլորտին մէջ կայացած գործաքներու կամ արբանեակային շուկայի ուղղութիւններով։ Այս բոլորով Ֆրանսան կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ դեր վերցնել եւ միջնորդի կարգավիճակով հանդէս գալ։ Ֆրանսան ինքը նախաձեռնեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան նիստը, ինչ որ շատ կարեւոր է:

Ֆրանսայի դիրքորոշումը ռուսական տիրոյթներուն մէջ արեւմտեան ներթափանցման ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու ընդհանուր մօտեցումն է, որ կը համընկնի Միացեալ Նահանգներու եւ  Եւրոպական Միութեան մօտեցման: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ մեծ կապեր ունեցող Միացեալ Թագաւորութիւնը եւս իր դեսպանատան միջոցաւ յայտարարեց, որ ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է վերադառնան ելման կէտեր։

Եթէ Արեւելեան Միջերկրական խնդրով հակաթրքական դաշինքը՝ Եգիպտոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Կիպրոս, Թուրքիոյ սպառնալիքներուն դէմ ունէր տարբեր շարժառիթներ, ուրեմն Հարաւային Կովկասին մէջ նոյնը չեն, ի հարկէ։ Բայց յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմէն յետոյ պէտք է ընկալել, որ սա պէտք չէ ըլլայ ռուսական մենաշնորհեալ տիրոյթ, եւ այս աշխարհաքաղաքական նոր գիծ է։ Եւ պէտք չէ առանձին վերցնել Ֆրանսայի դիրքորոշումը, ասիկա հետզհետէ ծաւալող նոր քաղաքական վարքագիծ է շատ աւելի համարձակ դրսեւորումներով:

Իսկ Ֆրանսայի կողմէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զսպելու հնարաւորութեան հարցով աւելի մեծ գործօնը Միացեալ Նահանգներն է: Չնայած որոշ կարմիր գիծեր կը պահպանուին Ռուսիոյ կողմէ։ Այսինքն՝ այն բոլոր ռազմական գործողութիւններու կամ Հայաստանի գերիշխան տարածքներ ատրպէյճանական ներխուժումներու ընթացքին հաշուի կ'առնուի նաեւ Ռուսիոյ գործօնը եւ ոչ միայն Արեւմուտքի։ Այստեղ այնպէս չէ, որ Ռուսիոյ շահերէն կը բխի շատ աւելի լայնածաւալ պատերազմը եւ շատ աւելի ծաւալուն ներխուժումը։ Ի վերջոյ, Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան տիրոյթին մէջ է, եւ որեւէ փոփոխութիւն չի բխիր Ռուսիոյ շահերէն։

Տեսանելի բաժինն այն է, որ կան որոշակի պայմանաւորուածութիւններ 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան հոլովոյթին մէջ։ Եւ 44-օրեայ պատերազմին յաղթած կողմը շտապողականութիւն կը դրսեւորէ իր շահերէն բխող 5 կէտնոց խաղաղութեան օրակարգային կէտերը իրականացնելու համար։ Այստեղ, հաւանաբար, կան որոշ ռուս-թրքական, ռուս-ատրպէյճանական մօտեցումներ:»

 Յիշեցնենք,  որ 26 սեպտեմբերին,  Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն ընդունած էր վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ։ Համատեղ ասուլիսին Մաքրոն կոչ ուղղած էր Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին թուլացնելու լարուածութիւնը եւ վերսկսելու բանակցութիւնները։ «Փարիզը համոզուած է, որ ուժի կիրառումը չի կրնար խնդրի լուծում դառնալ կողմերէն որեւէ մէկուն համար։ Եւ որ առանց յապաղելու երկխօսութիւնը պէտք է վերսկսիլ», - ըսած էր Ֆրանսայի նախագահը: Վերջինս նաեւ նշած էր, որ Ֆրանսան ամէն ինչ կ'ընէ, որ Հարաւային Կովկասը ըլլայ կայուն, յուսալի եւ բարգաւաճ տարածաշրջան։

 

  Արեւմտահայերէնի վերածեց եւ համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

 Նիւթը՝  Սերգէյ Առաքելեանի

  24news.am