Կեանքէն հեռացած է լրագրող, հեռուստամեկնաբան, ռատիոմեկնաբան Արմէն Դուլեանը: Ան 71 տարեկան էր:
Կիրակի երեկոյեան անոր ինքնազգացողութիւնը կտրուկ վատացած է, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել։
Արմէն Դուլեան 1992-1993 թուականներուն եղած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղարը։ Հայաստանի մէջ առաջին անկախ լրատուական գործակալութեան՝ «Սնարքի» համահիմնադիրն է։
Աշխատած է Հայաստանի հեռուստակայաններու մէջ, տեղական, ամերիկեան եւ ռուսական խոշոր ռատիոկայաններու մէջ, յօդուածներ տպագրած է պարբերական մամուլի մէջ։
2019-ի հոկտեմբերէն մինչ օրս Արմէն Դուլեանը հեղինակային ամէնօրեայ ռատիոհաղորդումներու շարք վարած է «Sputnik Արմենիա» լրատուական գործակալութեան մէջ: