Օրերս կեանքէն վաղաժամ հեռացած է վիրահայ անուանի գեղանկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցը: Գեղանկարիչի ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալիք մետիա»էն։
Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը՝
Այսօր՝ նոյեմբեր 20-ին, 60 տարեկան հասակին մահացած է թիֆլիսահայ գեղանկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցը:
Թենկիզ Միկոյեանցի վիճակը վերջին շրջանին կտրուկ վատացած էր, որուն յաջորդած է նկարիչի մահը:
Միկոյեանցը 1987 թուականին աւարտած է Մոսէ Թոիձէի անուան գեղարուեստի քոլեճը, 1996 թուականին՝ Թիֆլիսի գեղարուեստի ակադեմիան։
Թենկիզ Միկոյեանցի աշխատանքները կը գտնուին ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածուներուն մէջ։
Միկոյեանցը 1998 թուականէն մասնակցած է հանրապետական եւ միջազգային ցուցահանդէսներու տարբեր երկիրներու մէջ։