Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի Կինեմաթոկրաֆիստներու միութեան անդամ, միութեան «Մշակոյթի ասպետ» շքանշանակիր, հայկական ֆիլմարուեստի նուիրեալ Լեւոն Աթոյեանցը:
«Խորապէս կը ցաւակցինք Լեւոն Աթոյեանցի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն, մեր ողջ հանրութեան:
Լեւոն Աթոյեանցի կորուստը մեծ կորուստ է ինչպէս հայկական ֆիլմարուեստի, այնպէս ալ ողջ հայ մշակոյթին համար», ըսուած է Կինեմաթոկրաֆիստներու միութեան հաղորդագրութեան մէջ։