image

Մահացած է «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի մայրիկը՝ «Ըմ Հասան»ը (Լուսանկար)

Մահացած է  «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի մայրիկը՝  «Ըմ Հասան»ը  (Լուսանկար)

 

 Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է   լիբանանեան   «Հըզպալլա»  կազմակերպութեան ընդհանուր  քարտուղար՝  Սէյիտ Հասան Նասրալլայի մայրիկը՝ Նահիտա Սաֆի  Ալ Տինը   (Յայտնի էր  «Ըմ Հասան» անուանումով)։

 Կը նշուի նաեւ, որ կուսակցութիւնը այս առթիւ հրապարակած է  յատուկ հաղորդագրութիւն մը   ներկայացնելով  մահուան բօթը ու   գրելով առաջնորդի մօր առանձնայատկութիւններուն ու  դիմադրական շարժումին վերջինիս  բերած  նպաստին ու նեցուկին մասին։

Կը հաղորդուի, որ  լիբանանեան  ամենատարբեր կազմակերպութիւններն ու մարմինները այս  առթիւ իրենց  իրենց ցաւակցութիւնները յղած  այս   կորուստին առթիւ։