image

Մահացած է հիւանդութիւններու վերահսկման ազգային կեդրոնի ղեկավարի տեղակալ

Մահացած է հիւանդութիւններու վերահսկման ազգային կեդրոնի ղեկավարի տեղակալ

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք կեանքէն անժամանակ հեռացած է կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Լիլիթ Աւետիսեանը:

«Անգնահատելի է տիկին Աւետիսեանի աւանդն ու ներդրած ջանքերը հիւանդութիւնների դէմ պայքարի եւ կանխարգելման ոլորտում:

Մեր խորին ցաւակցութիւններն ենք յայտնում տիկին Աւետիսեանի հարազատներին եւ գործընկերներին: Նրա յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր բոլորի սրտերում»,- ըսուած է Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։