image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Դալար Շահինեանի «Անհայրենիք» հատորին ներկայացումը

Լոս Անճըլըսի մէջ. Դալար Շահինեանի «Անհայրենիք» հատորին ներկայացումը

Կիրակի, 25 Փետրուարին, Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Դալար Շահինեանի «Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile» («Անհայրենիք. Աքսորեալ Հայերէնի Քաղաքականութիւնը») հատորին ներկայացումը։

 Այս մասին «Արեւեք» կարդաց «Ասպարէզ»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Կիրակի, 25 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Դալար Շահինեանի Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile («Անհայրենիք. Աքսորեալ Հայերէնի Քաղաքականութիւնը») հատորին ներկայացումը։

Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը հատորին հեղինակն է, իսկ հեղինակը պիտի ներկայացնէ դոկտ. Միրնա Տուզճեան։

Հատորը նուիրուած է արեւմտահայ գրականութեան անցած ուղիին եւ Սփիւռքի մէջ գոյատեւելու համար անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Ձեռնարկը, որուն աւարտին ծրագրուած է հիւրասիրութիւն մը, տեղի պիտի ունենայ «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 75 E. Santa Anita Ave., Burbank, CA 91502։