Շաբաթ, 23 Մարտին, Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ վարժարանը մեծ ցնծութեամբ տօնեց Յարութեան տօնը: Այդ օրը, դպրոցի սաներու, ծնողներու եւ հիւրերու մեծ բազմութիւնը աղօթքով, երգով, խաղով ու պարով դիմաւորեցին Ս. Զատիկը:
Փեթակ դպրոցին մէջ Ս. Յարութեան տօնը նշելու պատրաստութիւնները սկսան 40 օրեր առաջ՝ Բարեկենդանի շաբթուան ընթացքին: Դպրոցին սանիկները նախ սորվեցան, թէ ի՛նչ պիտի տօնեն եւ ստացան իրենց տարիքին համապատասխան պարզունակ հոգեւոր դաստիարակութիւն: Այդ ժամանակաշրջանին, աշակերտները սորվեցան նաեւ Ս. Յարութեան պատշաճ հոգեւոր երգեր, ինչպէս՝ «Սուրբ Աստուած»ի Յարութեան տարբերակը: Աշակերտները նաեւ սորվեցան գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական, աշխարհիկ երգեր: Իսկ դպրոցին երկու օգնական պատանուհիները սերտեցին Զղջումի (խոստովանանք) աշխարհաբար հայերէն ամբողջական ընթերցանութիւնը:
Տօնակատարութեան հոգեւոր բաժինը տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները վառեցին մոմեր, բեմին վրայ ոգեւորութեամբ երգեցին իրենց պատրաստած հոգեւոր երգերը, ապա ամբողջ սրահը միաբերան երգեց Տէրունական աղօթքը: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեան տուաւ իր աւանդական պատկերաւոր, դիւրըմբռնելի պատգամը: Ան աշակերտներուն բացատրեց, թէ եթէ մէկը ստացած է ապրանք մը կամ ծառայութիւն մը, պէտք է փոխհատուցէ զայն: Հետեւաբար, պէտք չէ ուրիշին պարտական մնալ: Տէր Փեթոյեան նաեւ ըսաւ, որ մենք կեանք ստացած ենք հայր Աստուծմէ, ապա ան հարցուց, թէ ինչպէ՛ս փոխհատուցել այս պարգեւը: Աշակերտները պատասխանեցին, որ պէտք է ապրիլ Քրիստոսի հետ եւ հաւատարիմ մնալ անոր պատուիրաններուն: Ապա, դպրոցի կամաւոր օժանդակուհիներ Էլէն Վարդանեան եւ Տերեւ Տատուրեան ընթերցեցին Զղջումի աշխարհաբար ամբողջական գրուածքը, որմէ ետք բոլոր աշակերտները եւ ներկաները ստացան սուրբ Հաղորդութիւնը:
Լուրը՝ Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն