image

Փաշինեանէն շնորհաւորանք՝ Թրամփին

Փաշինեանէն շնորհաւորանք՝  Թրամփին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ ծննդեան 80-ամեակին առթիւ։

Վարչապետ x-ի էջին գրած է.

«Կը շնորհաւորեմ ծննդեան օրուան առթիւ մեծ առաջնորդ ու թանկագին ընկեր Տանըլտ Թրամփը։ Ձեր ուժեղ առաջնորդութիւնն ու խիզախ տեսլականը կը շարունակեն Ամերիկան կրկին հզօր դարձնել։

Մենք բարձր կը գնահատենք Ձեր դերը օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ կայացած խաղաղութեան պատմական գագաթնաժողովին մէջ։

Անհամբերութեամբ կը սպասենք ձեր վարչակազմի հետ աւելի պատմական գործարքներ կնքելուն»։