image

Իրան եւ ԱՄՆ յուշագրի ստորագրումէն ետք 60 օր պիտի յատկացնեն բանակցութիւններուն

Իրան եւ ԱՄՆ յուշագրի ստորագրումէն ետք 60 օր պիտի յատկացնեն բանակցութիւններուն

Խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումէն ետք, Իրանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները 60 օր բանակցութիւններ պիտի վարեն մնացեալ վիճայարոյց հարցերուն շուրջ։ Այս մասին Յունիս 15-ի լուսցող գիշերը յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին։

«Ուրբաթ օրը տեղի պիտի ունեանայ պաշտօնական ստորագրութիւնը, եւ երկու պատուիրակութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններ պիտի ունենան հետագայ բանակցային քայլերը յստակեցնելու շուրջ։ Մինչ այդ պիտի ստուգուի ամերիկեան կողմի յանձնառութիւնը՝ պատերազմը դադրեցնելու, շրջափակումը վերացնելու եւ սառեցուած միջիցները ազատելու հարցերուն վերաբերաել»,– ըսած է Քազեմ Ղարիպապատին, որուն խօսքը մէջբերած էPress TV-ն։

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը շեշտած է, որ այս բանակցութիւնները պիտի սկսին միայն այն պարագային, երբ Միացեալ Նահանգները կատարէ համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները։

Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուելիք յուշագիրը նախ եւ առաջ ուղղուած է ռազմական գործողութիւններու դադրեցման։ Առաւել սուր հարցերը, ինչպէս Իրանի միջուկային ծրագիրի ճակատագիրը, կողմերը պիտի քննարկեն աւելի ուշ փուլերու ընթացքին։