Թրքական լիրան տոլարի նկատմամբ նուազած է ուրբաթ օր, երբ վարկանիշային Fitch գործակալութիւնը փոխած է երկրի կանխատեսումը կայունէն դէպի բացասական՝ դրամավարկային քաղաքականութեան ուղղութեան հետ կապուած վտանգներու պատճառով, հաղորդած է Reuters-ը։
Փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարի նկատմամբ կազմած է 13.75-ը, ինչ որ մօտ 0.6 տոկոսով ցած է հինգշաբթի օրուայ փակման համեմատ, եւ այս տարի տոլարի նկատմամբ կորսնցուցած է իր արժէքի մօտ 46 տոկոսը:
Այս շաբաթ արժոյթը ինկաւ մինչեւ 14.0 լիրա պատմական նուազագոյնին, երբ նախագահ Թայէպ Էրտողան կողմ հանդէս եկաւ ցած տոկոսադրոյքներու քաղաքականութեան: