Թուրքիոյ մէջ գործող Ընկերա-քաղաքական հետազօտութիւններոպ կեդրոնին կողմէ Սեպտեմբերին իրականացուած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ իշխող համախոհութեան մէջ ընդգրկուած ուժերուն՝ «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու վարկանիշը կը շարունակէ անկում ապրիլ:
Հարցախոյզին համաձայն՝ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան օգտին պատրաստ է քուէարկելու հարցուածներուն միայն 32.3 տոկոսը, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան օգտին՝ 7,8 տոկոսը (բաւարար չէ անցողիկ շեմը յաղթահարելու համար):
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացված ընդդիմադիր ուժերէն «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան պատրաստ է ձայն տալու հարցուածներուն 30,9%-ը, «Լաւ» կուսակցութեան օգտին՝ 12,1 տոկոսը, իսկ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» օգտին՝ 11,3 տոկոսը: