image

Լրացաւ Պայտընի պաշտօնավարման 2-րդ տարին. Վարկանիշը կը շարունակէ նահանջել

Լրացաւ Պայտընի պաշտօնավարման 2-րդ տարին. Վարկանիշը կը շարունակէ նահանջել

ԱՄՆ առաջնորդ Ճօ Պայտընի գործունէութեան նկատմամբ հասարակութեան հաւանութեան ցուցանիշը անոր պաշտօնավարման երկրորդ տարուայ սկիզբը իջած է մինչեւ 41 տոկոս: Այս մասին կը վկայեն Pew Research-ի հետազօտութեան արդիւնքները: Հետազօտութիւնը կատարուած է Յունուար 10-7, արդիւնքները հրապարակուած են Երեքշաբթի, Յունուար 25-ին:

Ներկայիս չափահաս ամերիկացիներու միայն 41%-ը կ'աջակցի Պայտընի աշխատանքին: Կը նշուի, որ այս ցուցանիշի շարժաբանութիւնը կը շարունակէ նուազիլ: Այսպիսով, Սեպտեմբերին Սպիտակ տան ղեկավարի գործողութիւններուն աջակցած է 44%-ը, իսկ Ապրիլին` 59%-ը:

Ինչպէս Յունուար 20-ին յայտնած է Morning Consult-ը, Պայտընի միջին տարեկան վարկանիշը ամենացածերէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ եւ կը կազմէ 49%: Նման ցուցանիշ ունէր Պարաք Օպաման: Աւելի ցած ցուցանիշեր ունեցած են միայն երկու նախագահներ` Ռոնալտ Ռիկընը 1982 թուականի Յունուարին (48%) եւ Տոնալտ Թրամփը` 2018 թուականի Յունուարին (38%): Միւս նախագահներու հաւանութեան վարկանիշը 1954 թուականէն ի վեր չէ իջած 54%-էն: