image

Լիպիոյ մէջ զինեալ բախումներ. կան զոհեր

Լիպիոյ մէջ զինեալ բախումներ. կան զոհեր

Զինուած բախումներ տեղի ունեցած են Թրիփոլիի մէջ (Լիպիա) զինուած խմբաւորումներու միջեւ։ Առնուազն 2 մարդ զոհուած է։ Այս մասին յայտնած է Al-Arabiya հեռուստաալիքը։

Ընկերային ցանցերէն կը տեղեկանանք, որ կրակոցները կը շարունակուին նաեւ այս պահուն։ Տեղեկութիւն տարածուած է այն մասին, որ արկերէն մէկն ինկած է հիւանդանոցի վրայ։ Բժշկական հաստատութեան աշխատակիցները ստիպուած եղած են մարել հարուածի հետեւանքով առաջացած հրդեհը։

Այս շաբաթ խորհրդարանի կողմէ ընտրուած Լիպիոյ վարչապետ Ֆաթխա Պաշական ազգային միասնութեան կառավարութեան ղեկավար Ապտըլհամիտ Տպէյպային նամակ յղած էր, որուն մէջ հերթական անգամ վերջինէս պահանջած էր վար դնել լիազօրութիւնները` երկրին մէջ արիւնահեղութիւն թոյլ չտալու համար։

Տպէյպան իր հերթին Թրիփոլիի իշխանութեան գլուխ դառնալու յաւակնութիւն ունեցող Պաշակային խորհուրդ տուած է կեդրոնացնել ուժերն ընտրութիւններու մասնակցութեան ուղղութեամբ։