image

Լիբանանը մեծ տագնապի մէջ. Պէյրութի Հարաւային արուարձանը ծանր հարուածի թիրախ

Լիբանանը մեծ տագնապի մէջ. Պէյրութի Հարաւային արուարձանը ծանր հարուածի թիրախ

Այսօր յետմիջօրէին Պէյրութի Հարաւային արուարձանը թիրախ դարձաւ իսրայէլեան կործանիչներու հարուածներուն։

«Արեւելք» ասոր մասին տեղեկութիւններ քաղեց լիբանանեան աղբիւրներէ, որոնք հաւաստեցին, որ Պէյրութի միաժամանակ 10  պայթումներ լսուած են։Աւելի ուշ լուրեր տարածուեցան, որոնք հաստատեցին, որ հարուածը եղած է շուրջ տաս բնակելի շէնքերու վրայ։  

Մինչեւ այս պահը զոհերու եւ վիրաւորներու մասին յստակ տեղեկութիւններ դեռ չկան, կը նշուի միայն, որ առնուազն երկու անձեր զոհուած են եւ կան տասնեակ վիրաւորեալներ։

Իսրայէլեան աղբիւրներ իրենց հերթին նշեցին, որ հարուածը թիրախ ունէր «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլան։

 Պայթումէն ժամեր անց Իսրայէլ շարունակեց հարուածել Լեռնալիբանանի Պահտարան շրջանը, ինչպէս նաեւ Պեքայի տարբեր շրջանները։ 

 Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած եւ մինչեւ այս պահը յստակ տեղեկութիւններ չկան Նասրալլայի ճակատագրին վերաբերեալ։