Լիբանանի կառավարութիւնը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային՝ որպէս 2024 թուականի նոյեմբեր 27-ի հրադադարի երաշխաւորներ, ստիպելու Իսրայէլին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։ Այս մասին յայտարարած է տեղեկատւութեան նախարար Փոլ Մորքոսը կառավարութեան նիստէն ետք։
«Լիբանանը պահանջեր է, որ Ուաշինկթընը եւ Փարիզը միջամտեն՝ Իսրայէլի յարձակումները դադրեցնելու համար, որոնք կը շարունակեն խախտել հրադադարը», -ընդգծած է Մորքոսը։
Աւելի վաղ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են «Հըզպալլա»ի թիրախները Լիբանանի արեւելքը՝ սպանելով առնուազն հինգ մարդ։ Նպատակակէտերու շարքին էին ուսումնական կայանները, ճշգրիտ կառավարուող հրթիռներու արտադրութեան կառոյցները եւ պահեստային կառոյցները Սուրիոյ սահմանի մօտ գտնուող լեռնային տարածքին մէջ։