«Լիբանանի տնտեսութեան վերականգնումը կախեալ է Լիբանանի պետութենէն: 1926-ին, Չիլիի տնտեսական փլուզումէն ետք, անիկա 16 տարի պէտք ունեցաւ վերականգնելու, իսկ Լիբանան կարիքը ունի 9-12 տարի», այս մասին ըսած է Միջազգային դրամատունը:
Անդրադառնալով Լիբանանի տնտեսութեան, անոր պատճառներուն ու հետեւանքներուն Lebanon debate կայքը ծաւալուն յօդուածով մը հանդէս եկած է, զոր լուսարձակի տակ կ'առնէ «Արեւելք» լրատուականը:
Աղբիւրը գրած է, թէ վերջին տասնեակ տարիներուն, ոչ կայուն վիճակ մը ապրող Լիբանանը, այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական փլուզումի, որ կը պատահի դարը անգամ մը: Եւ կարծես մէկ տարի առաջ Պէյրութի պայթումն ալ արագացուց այդ փլուզումը:
Ամերիկեան The Wall Street Journal թերթը իր զեկոյցին մէջ, որ պատրաստած էր Պէյրութի պայթումի տարելիցին առթիւ ըսած է, «Ելեկտրականութեան հոսանքի անջատումը այնքան յաճախական է, որ ճաշարանները կը գործեն ելեկտրածին շարժիչներու ժամանակացոյցին համեմատ, ժողովուրդը անընդհատ կռիւներու մէջ է ապահովելու հացը, շաքարը, եւ այլ կարեւոր պարագաները, սղաճը անցած է 400% տոկոսը, գողութիւնները աւելցած են 62% տոկոսով, ինչպէս նաեւ ոճրագործութիւնները»:
Իր հերթին Միջազգային դրամատունը հաշուարկելէ ետք իւրաքանչիւր անհատի Համախառն ներքին արդիւնքը, որ նուազած է 40% տոկոսով 2018-էն մինչեւ 2020, նաեւ հաշուելով այն ժամանակը, զոր Լիբանան կը պահանջէ վերագտնելու իր տնտեսութիւնը, յայտարարած էր Մայիսին, թէ Լիբանանի տնտեսական տագնապը կարելի է դասել անցնող 150 տարիներու ընթացքին աշխարհի տեսած ամէնէն սուր երեք տագնապներուն կարգին:
Ֆինանսական խորհրդատու՝ Մայք Ազար ըսած է, թէ « Որոշ փուլ մը, տագնապը այնքան վատ կրնայ ըլլալ, որ վերականգնուելու նշոյլն իսկ կը կորսուի: Վերջին շրջանին շատ մը տագնապներ յաջորդեցին պատերազմներու, բնական աղէտներու կամ համավարակին, իսկ Լիբանանի պարագային նաեւ կառավարութեան անկարողութիւնը վնաս հասցուց ինքզինքին»:
Լիբանան տարիներու ընթացքին տեսաւ քաղաքացիական պատերազմ, Իսրայէլի հետ բախումներ, փախստականներու հոսք, քաղաքական սպաննութիւններ եւ սակայն այսպէս չքանդուեցաւ:
Միջազգային դրամատունը կը համարէ, թէ Լիբանանի տնտեսական տագնապը աւելի վատ է 2008-ի Յունաստանի եւ 2001-ի Արժանթինի տագնապներէն:
Ըստ աղբիւրին Լիբանանի ներկայ ճգնաժամի պատճառը կարելի է նկատել դրամատնային համակարգը, որ 2019-ին հասաւ սնանկութեան: Լիբանան իր արժոյթը շարունակ կախեալ պահած էր տոլարէն, եւ երբ տարեներ ետք տոլարային ներդրումները անհետացան եւ դրամատուները փակեցին իրենց դռները ժամանակաւոր, ժողովուրդը բողոքելու սկսաւ, ինչ որ հակառակ արդիւնք տուաւ եւ դրամատուները բոլորովին արգիլեցին, որ հաշուետէրերը ստանան իրենց գումարները:
Պէյրութի պայթումն ալ, որուն զոհ գացին 200-էն աւելի մարդ եւ պատճառեց 15 միլիառ տոլարի նիւթական վնաս, իր կարգին նպաստեց տնտեսութեան փլուզումին:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ անգործութեան տոկոսը հասած է 40-ի, իսկ ամսավճարները նուազած են 450 տոլարէն 35 տոլարի: Բնակչութեան 49% տոկոսը մտահոգ է թէ կրնայ արդեօք ապահովել առօրեայ սնունդը:
Իսկ Մարտ ամսուն, Լիբանանի բանակի հրամանատարը յայտարարեց թէ զինուորները սոված վիճակի մէջ են:
Հիւանդանոցներուն մէջ դեղորայքը արդէն անգտանելի է: Եւ հիւանդանոցները կարեւոր պարագաները ապահովելու փոխարէն կ'աշխատին պարզապէս ջուր, ելեկտրականութիւն ու վառելանիւթ ապահովել հիւանդանոցին: Ինչպէս նաեւ մօտաւոր 1200 մասնագէտ բժիշկ ստիպուած եղած են լքել երկիրը:
Լիբանանցիք այս բոլորին համար կը մեղադրեն քաղաքական ուժերը, որոնք հրաժարելով բարեփութիւններ ընելէ երկիրը հասցուցին այս վիճակին:
1990-ին, Լիբանանի պատերազմէն ետք, երկիրը ապրեցաւ տնտեսական բարգաւաճութիւն արտասահման ապրող լիբանանցիներու գումարներու դէպի երկիր հոսքի օժանդակութեամբ: Եւ ժողովուրդը սկսաւ հանգիստ ապրիլ, նոյնիսկ գումարներ խնայել:
2008-ին, երբ որոշ հարցեր սկսան Լիբանանի մէջ, ան դիւրիւթեամբ շրջանցեց ճգնաժամը: Այն ատեն Կեդրոնական դրամատան տնօրէն՝ Ռիատ Սալամէ հերոսի գնահատանքի արժանացաւ, որ ազատեց Լիբանան փլուզումէ: Եւ հետաքրքրական է, որ Սալամէ մինչեւ օրս իր պաշտօնին գլուխն է, բայց ան այսօր քննադատութիւններու թիրախ դարձած է, որովհետեւ իր ղեկավարութեան օրերուն, Կեդրոնական դրամատունը բարձր տոկոսներ հայթայթած էր օտարութեան մէջ ապրող լիբանանցիներուն, որոնք հաշիւներ ունէին Լիբանանի մէջ, սակայն 2011-ի «արաբական գարուն» էն ետք, քաղաքական պայմաններու բերումով, տարադրամով ներդրումները եւ արտասահմանեան նիւթական փոխանցումները նուազեցան: Լիբանանեան արժոյթը սոսկալիօրէն նահանջեց տոլարին դիմաց: Աշխատավարձերը յանկարծակիօրէն կորսնցուցին իրենց արժէքը:
2020-ին, յոյսի դուռ մը բացուեցաւ Լիբանանի առջեւ, երբ կառավարութիւնը նախագիծ մը մշակեց տնտեսական բարեփոխութիւններ կատարելու, պետական ծախսերը կրճատելու եւ վերակազմելու դրամատնային համակարգը. նախագիծը կարիքը ունէր դրամատնային հաշիւ ունեցողներու ժամանակաւոր ներդրումին, մօտաւոր 83 միլիառ տոլարի: Միջազգային արժոյթի հիմնադրամը ողջունեց այս քայլը, զայն նկատելով փրկարար նախագիծ:
Յոյն գործիչը ընդգծած է, որ թրքական անօդաչուները կ'օգտագործուին ոչ թէ կայունացման եւ հիմնախնդրի դիւանագիտական լուծման հասնելու նպատակով, այլ ընդհակառակը՝ ապակայունացնող դեր կը խաղան աւելի սրելով իրավիճակը եւ բորբոքեցնելով պատերազմի կրակը: Եւ շատ լաւ իմանալով Էրտողանի ներքին քաղաքականութեան հիմնական էութիւնն ու բնոյթը, որ հակամարտութիւններ հրահրելն է այլ երկիրներու հետ, շեղելով մարդոց ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն, ակնյայտ է, որ Թուրքիան պարբերաբար պիտի կիրառէ այս մեթոտը:
«Որեւէ մէկու հետ խնդիր ունենալու պարագային կ'ըսեն՝ «շատ լաւ, եկէք տրոններ ուղարկենք եւ մարդ սպաննենք»: Սա պատերազմներ վարելու անարիւն ձեւ է: Դժբախտաբար, ժամանակակից պատերազմները հետզհետէ կը նմանին համակարգչային խաղերուն: Նոյնիսկ այստեղ՝ Միացեալ Նահանգներ, բանավէճ կայ այդ հարցի շուրջ, որ քանի որ մարտական գործողութիւններուն մարդոց աստիճանաբար կը փոխարինեն ռոպոթները, եւ հետզհետէ կը նուազի պատերազմներուն մարդկային կորուստներու վտանգը, այդ պատճառով շատերուն այլեւս չի հետաքրքրեր այս կամ այն երկիր զինուորականներ կամ ռազմական ներուժ ուղարկելու հանգամանքը: Ինչեւէ, մտածեցէք Թուրքիոյ մասին այդ շրջածիրէն ներս. անոնք կրնան զինուորներու փոխարէն ուղարկել անօդաչուներ եւ առանց գէթ մէկ մարդկային կեանք զոհելու՝ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել: Ուստի կը կարծեմ, որ ատիկա աւելի հաւանական կը դարձնէ պատերազմը: Սա է վտանգը: Եւ անոնք ոչ թէ պաշտպանողական, այլ յարձակողական բնոյթի զինատեսակներ են: Թուրքիան կիրառած է զանոնք Արցախի, Լիպիոյ, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր», - ըսած է Ուաշինկթընի յունա-ամերիկեան կազմակերպութեան ղեկավարը՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ այդ ապակայունացնող վարքագիծը հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ Ուաշինկթընի մէջ:
Եւ եթէ մինչ այդ ամերիկեան քաղաքական վերնախաւը յաճախ կը ստորադասէր արժէքները քաղաքական այն շահերուն, որոնց Թուրքիան կը ծառայէր, ապա Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Ս-400 զենիթահրթիռային համալիրներու գնումը, Էնտի Զեմենիտեսի խօսքով, ցոյց տուաւ, որ Թուրքիան այլեւս չի ծառայեր այդ շահերուն:
«Այժմ մենք ոչ միայն չենք կիսուիր հիմնական արժէքները Թուրքիոյ հետ, այլեւ բախման մէջ ենք հիմնական շահերու ոլորտէն ներս: Եւ նոյնը կարելի է ըսել անօդաչուներու պարագային: Մինչ Միացեալ Նահանգները դիւանագիտական լուծումներ կը փնտռէ Արցախի հարցով՝ Թուրքիան անօդաչուներ կը մատակարարէ՝ ապակայունացնելով այնտեղ իրավիճակը: Մինչ Միացեալ Նահանգները իր զօրքերը կը հանէ Լիպիայէն՝ համաձայն այդ երկրի նոր սահմանադրութեան պահանջներուն, Թուրքիան օտարերկրեայ զօրքեր կը պահէ այնտեղ: Մինչ Միացեալ Նահանգները կը կռուի «Իսլամական պետութեան» դէմ՝ Թուրքիան կը ռմբակոծէ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարող քրտերուն», - ըսած է Զեմենիտեսը՝ յանգելով պարզ եզրայանգման, որ ապակայունացնող Թուրքիան ուղղակիօրէն կը հակասէ կայունացման ձգտող Նահանգներու շահերուն:
Տրոններու խնդիրը, Էնտի Զեմենիտեսի խօսքով, տագնապի երկրորդ ազդանշանն է Ուաշինկթընի համար՝ Ս-400 համալիրներու եւ F-35 կործանիչներու յայտնի պատմութենէն յետոյ: Հետեւաբար, այդ արտօնութիւնը, զոր Թուրքիան ունէր Միացեալ Նահանգներու ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս, պէտք է մանրամասն ուսումնասիրուի եւ հետաքննուի:
Օգոստոսի սկիզբը Միացեալ նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատէն 25 անդամ միացած էր քոնկրէսականներ Տեյուիտ Չիչիլինէի եւ Կաս Պիլիրաքիսի՝ Պետական քարտուղարութեան ուղղուած երկկուսակցական ուղերձին, որով ամերիկացի օրէնսդիրները կոչ կ'ընէին կառավարութեան կասեցնելու Թուրքիոյ ամերիկեան անօդաչուներու արհեստագիտութիւններու արտահանման արտօնագիրները եւ պաշտօնական հետաքննութիւն կատարելու Թուրքիոյ ԱԹՍ-ներու ծրագրի ապակայունացնող դերակատարման վերաբերեալ: