Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, լիբանանցի կինը կը շարունակէ պայքարիլ եւ հասնիլ յաղթանակի։Խումբը փաստեց, որ ոչ միայն արտաքին գեղեցկութիւն ու ճաշակ ունի, այլեւ՝ մարտունակ ոգի եւ խմբային աշխատանքով արդիւնքի հասնելու շնորհք։ Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որուն իննսունհինգ տոկոսը տղամարդիկ են շատ բան ունի սորվելիք լիբանանցի կնոջմէն։
Պասքեթպոլի ասիական խաղերու շրջանակէն ներս, երէկ, 1 Յուլիսին, Աւստրալիոյ մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը յաղթեց Չինական Թայփէյի ազգային խումբին՝ 75:73 արդիւնքով։ Այսպիսով Լիբանանը իր դիրքը հաստատեց (A) բաժանումին մէջ, 2025-ի խաղերուն իր տեղը ապահովելով. մինչ Չինական Թայփէյը ետ մնալով, անցաւ (B) բաժանում։
Խաղին առաջին քառորդը աւարտած էր ի նպաստ Թայփէյի հաւաքականին, իսկ երկրորդ քառորդը՝ 48:48 հաւասար արդիւնքով։ Երրորդ քառորդին, լիբանանեան ազգային խումբը յառաջխաղաց արձանագրեց։ Խաղի չորրորդ քառորդը ընթացաւ բաւական բուռն մրցակցութեամբ, մինչեւ վերջին վայրկեանին աւարտեցաւ Լիբանանեան յաղթանակով, երբ խումբին առաջնորդը՝ Ռէպեքքա Աքըլը նշանակեց յաղթանակի պատմական «կոլ»ը։ Ռէպեքքա Աքըլը այս խաղին առանձինն արձանագրեց 27 կէտ։
Այս արդիւնքով, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը դարձաւ Ասիոյ լաւագոյն եօթը խումբերէն մէկը։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբին մէջ կան երկու հայուհիներ՝ Նաթալի Սվաճեանն ու Նարինէ Կէօքճեանը։