Կը նշուի յատկապէս, որ շահագործումը, պատանիները խաբելու եւ զանոնք «յաճախորդներ»ու հասցընելու արարքները առաւելաբար կատարուած են «Թիք-թոք» հարթակի ճամբով ու այդ պատճառով է նաեւ, որ Լիբանանեան իրաւապահներ լրջօրէն կը մտածեն այդ հարթակը սահմափակելու մէքանիզներ գտնելու մասին
Լուրի աղբիւրը՝ լիբանանեան ԶԼՄ.ներ. Համադրումը՝ «Արեւելք»ի
Անցնող շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի լայն հասարակութեան համար մղձաւանջի տարողութիւն ունեցող եւ «Թիք-Թոքի գործ» ընդհանուր վերնագրով ճանչցուած յանցախումբին մէջ կան 2 հայեր։
Նշենք, որ անչափահասներու շահագործման, զանոնք առեւանգելու եւ կեղծ խոստումներով բռնաբարման զոհ դարձնող յանցախումբը յայտնաբերուած էր «Թիք-թոք»ի հարթակով։
Պարզ դարձած էր, որ մի քանի լիբանանցի երիտասարդներ դրամական օգուտ ապահովելու մարմաջով կարողացած էին ստեղծել անչափահասները շահագործելու ենթարկող խմբակ մը, եւ այդ ոճրային արարքին զոհ դարձած պատանիները կարգ մը պարագաներու կ՚ուղարկուէին նոյնիսկ Լիբանանէն դուրս։
Աւելի ուշ պարզ կը դառնար նաեւ, որ ջնջին եւ յաճախ «երեխայական» խոստումներու զոհ գացած մանուկներուն մեծ տոկոսը սուրիացի փախստական ընտանիքներու անդամներ են։
Լիբանանեան լրահոսը, որ տարբեր շաղկապումներով գրած է այս սարսափելի ոճիրին եւ այդ ոճիրը իրականացնող յանցախումբին մասին այսօր կարգ մը նոր տեղեկութիւններ հաղորդելով յաւելած էր, որ մեղադրեալներու շարքին է նաեւ երկրորդ հայ անձ մը, որուն անունը քաղաքավարական պատճառներով զերծ կը մնանք հրապարակելէ։
Հարկ է նշել նաեւ, որ Լիբանանի իրաւապահ մարմիններ մօտէն կը հետեւին զարգացումներուն եւ գործուած արարքներուն եւ յանցախումբին անդամները պիտի ենթարկուին խստագոյն պատիժներու։
Տնտեսական ամենադժուարին իրավիճակներու մէջ յայտնուած Լիբանանի հասարակութեան համար նման դատապարտելի երեւոյթներ կուգան աւելնալու երկրին մէջ տիրող ապօրինի եւ անօրինական ընդհանուր տեսարանին վրայ, որուն եթէ հիմնական պատճառը տնտեսական բարդութիւններն են ապա անոնց վրայ պէտք է կուտակել երկրին մէջ տիրող անորոշութիւնն ու պետական-իրաւապահ կառոյցներու երեւելի նահանջը։