Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն Անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստ հրաւիրած է։
Այս մասին կը գրէ «Էլ Նաշրա» կայքը նշելով նաեւ, որ գոյանալիք նիստի գլխաւոր օրակարգը յատկացուած պիտի ըլլայ այսօր արշալոյսին Աքքարի մէջ գրանցուած պայթումի խնդիրը։
Յիշեցնենք, որ պայթումէն շուրջ ժամ անց լարուածութիւնը կը պահպանուի Աքքարի մէջ եւ քաղաքացիներ կը փորձեն ներխուժել պայթումի վայրի հողամասին սեփականատիրոջ տունը։
Նոյն առումով լուրեր շրջան կ՚ընեն, որ Լիբանանի բանակը կարողացած է ձերբակալել պայթումին պատճառ դարձած վառելանիւթի պահեստանոցին սեփականատիրոջ որդին։
Լարուածութիւնը կը մնայ գերակշռող Լիբանանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ։