70 -ականներուն ծար առած զինեալ պայքարի հերոսները կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր դառնալ մերօրեայ երիտասարդութեան։
Այս ծիրին մէջ օրերս Լիբանանահայ երիտասարդներ (մասնաւորապէս ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի անդամներ) այցելութիւն տուած են Լիզպոնեան սխրանքի հերոսներէն՝ Արա Գրճըլեանի մայրիկին, որ սիրով ընդունած է զիրենք եւ ունեցած մտերմիկ զրոյցներ։
Մեր ընթեցողներուն յիշեցնենք, որ Լիզպոնի սխրանքի անդամներէն՝ Արա Գրճըլեան հասակ առած էր Զալքա շրջանին մէջ ու անդամ էր ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան։
Ստորեւ այդ մասին համացանցի վրայ երեւցած հակիրճ լրատւութիւնը։
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի եւ ՀՅԴ ԼԵՄի «Հայաստան» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերները այցելեցին լիզպոնի գործողութեան նահատակ ընկեր Արա Գրճըլեանի մօրը։ ԼԵՄ-ի ընկերները յուշանուէր մը, ԼԵՄ-ի օրացոյցը եւ իրենց մասնաճիւղի շապիկը նուիրեցին մօրը։ Իսկ կոմիտէն ընկեր Արայի Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ բնակող գաղափարի ընկերներուն կողմէն ուղարկուած գումարը յանձնեց անոր։ Հպարտութեան, ուրախութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան զգացումներով լի՝ ընկերները բաժնուեցան, դարձեալ հանդիպելու խոստումով:
![]()