Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է Յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդական փոխանորդը եւ կաթողիկէ սկաուտական եղբայրակցութիւններու համախմբումի պատասխանատուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 24 Փետրուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդական փոխանորդ Անթուան Մխալլալէ վարդապետը եւ կաթողիկէ սկաուտական եղբայրակցութիւններու համախմբումի պատասխանատուն։
Այցելուները հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու միջազգային սկաուտութեան հիմնադիր անգլիացի Լորտ Պէյտըն Փաուլի յիշատակութեան տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որ տեղի պիտի ունենայ 8 Մարտ 2026-ին։
Յիշենք, որ յիշեալ նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ հալէպահայ սկաուտական միութիւնները։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց այցելուները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ աշխատանքներուն։