Լիբանանահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Այս նկարը կը պատմէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութեան շնորհաւորական այցելութեան մասին, տրուած Լիբանանի Նախագահ Զօր. Ֆուատ Շէհապին, իր ընտրութեան առիթով։ Շէհապ նախագահ ընտրուեցաւ երկրի պատմութեան ամենէ բարդ պահերէն մէկուն, 1958-ի քաղաքացիական պատերազմի աւարտին, որ իրար դէմ հանած էր քրիստոնեայ եւ իսլամ տարրերը, միշտ ու միշտ արտաքին ուժերու հովանաւորութեան ներքոյ։ Որպէս բանակի ընդհանուր հրամանատար, Շէհապը յաջողեցաւ բանակը դուրս պահել ընդհարումներէն, եւ մինչեւ օրս ան կը յիշուի որպէս Լիբանանի ամենէ յաջողած նախագահներէն մին, որ կարողացաւ ներքին անդորրը վերահաստատել, եւ նաեւ ծնունդ տալ «Երկրորդ Գրասենեակ»ին, որ երկրի անվտանգութեան գաղտնի ծառայութիւնը հանդիսացաւ։ Ձախէն աջ՝ Արշաւիր Յովսէփեան, Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Տոքթ. Եղիկ Գոնյալեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան (Երեսփոխան), Զօր. Շէհապ, Յակոբ Աշճեան (Պուրճ Համուտի քաղաքապետ), Անծանօթ, եւ Հայկ Պալեան ( օրին «Ազդակ» թերթի սեփականատէր):